Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու»․- Թուրքիա կոչ ուղղեց Հայաստանին` յարգելու ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի ու ԵԱՀԿի որոշումները եւ անմիջապէս հեռանալու «իր բռնագրաւած ատրպէյճանական հողերէն»: Այս մասին «Աշխարհաքաղաքական շրջանային բեւեռացումը եւ թուրք-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները» խորագիրով առցանց դասախօսութեան մը ընթացքին յայտնեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Եաւուզ Սալիմ Քըրան:
«Հայաստանի նախայարձակ քաղաքականութիւնները մեծագոյն արգելքը կը նկատուին տարածաշրջանին մէջ կայունութեան», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Թուրքիա աջակցութիւն կը տրամադրէ՝ Հայաստանի կողմէ ատրպէյճանական Ղարաբաղ շրջանի բռնագրաւումի հարցը խաղաղ ճամբով, միջազգային օրէնքի եւ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան հիմամբ լուծելու համար»։