Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org
Երեքշաբթի, 21 Յուլիս 2020-ին, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեանի ուղղած իր նամակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց, Կիրակի, 19 Յուլիս 2020-ին Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն հայ համայնքին երեք զաւակներուն՝ Դամասկոսէն դոկտ. Նորա Արիսեանի, Հալէպէն՝ իրաւաբան Լիւսի Իսկէնեանի եւ տիար Ժիրայր Րէիսեանի ընտրութեան առիթով, որպէս Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամներ։
Վեհափառ Հայրապետը իր նամակին մէջ յատկապէս կ՚ըսէ. «Հայ համայնքը իր կարեւոր ներդրումը ունեցած է Սուրիոյ զարգացման մէջ, յատկապէս տնտեսական մարզէն ներս։ Հայ ժողովուրդը միշտ եղած է երախտապարտ սուրիացի ժողովուրդի զաւակներուն, քրիստոնեայ թէ իսլամ, մանաւանդ հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներուն նկատմամբ իրենց ցուցաբերած մարդասիրական ոգիին համար։ Հետեւաբար, վստահ ենք, որ մեր երեք երեսփոխանները իրենց գործօն մասնակցութիւնը պիտի բերեն Սուրիոյ վերականգնումին ու առաւել զարգացման նպաստող աշխատանքներուն՝ թարգմանը հանդիսանալով Սուրիոյ հայութեան հաւաքական յանձնառութեան»։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը ու յաջողութեան մաղթանքները կը փոխանցէ նորընտիր հայ երեսփոխաններուն: