Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Սուրիոյ Մէջ հունի մէջ կը մտնէ խաղաղ կեանքը։ Հալէպի մէջ պիտի սկսին վերականգնելու հայ առաքելական Ս․ Քառասուն Մանկանց եկեղեցին, կը հաղորդէ ռւսական NTV հեռուստակայանը:
2017-ի Դեկտեմբեր 16-ին Սուրիոյ բանակը աւարտեց Հալէպի արեւելեան թաղամասերու ազատագրումը, որու շնորհիւ պայմաններ ստեղուեցան սուրիական հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար:
Կը նախատեսուի, որ հայկական եկեղեցւոյ վերականգնողական աշխատանքը պիտի մեկնարկեն արդէն Յուլիսին, իսկ վարդագոյն տուֆը, որմէ կառուցուած է եկեղեցին պիտի բերուի Հայաստանէն, կը յայտնէ աղբիւրը։
Կը նշուի, որ պատերազմէն առաջ բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ եւ ուխտաւորներ կ՛այցելէին եկեղեցին: Թէեւ եկեղեցին հայկական է, սակայն այստեղ մոմ կը վառէին նաեւ աշխարհի տարբեր կողմերէն եկած զբօսաշրջիկներ եւ հաւատացեալներ։
Քառասուն Մանկանց եկեղեցին կառուցուած է 15-րդ դարու սկիզբը, տուժած է բազում արշաւանքներէ ու պատերազմներէ, բայց ամէն անգամ վերականգնուած է ամբողջ աշխարհով մէկ սփռուած հայութեան ջանքերով:
Հալէպի ազատագրումէն ետք եկեղեցին չի գործեր, քանի որ տուժած է արկակոծութիւններէ եւ պայթիւններէ: Ամբողջ աշխարհի հայերը դրամահաւաք սկսած են Սուրիոյ ամենագեղեցիկ եկեղեցիներէն մէկը վերականգնելու համար, կը յայտնէ հեռուստակայանը: