Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Քեսապի Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմնի անդամ Կարօ Մանճիկեան կը գրէ․
Թուրքիոյ դաւադիր պետութիւնը, որ ասկէ մօտ 3 տարի առաջ, իր բանակին բազմաձեւ օժանդակութեամբ զինուած ահաբեկչական բազմացեղ խմբաւորումներ առաքեց հայկական Քեսապ, զայն բռնագրաւելով (ինչպէս Սուրիոյ հետ սահմանամերձ բազմաթիւ քաղաքներ եւ գիւղեր, ներառեալ Եագուպիէ հայաւանը), այժմ, իր բազմադիմի եւ յարափոփոխ քաղաքականութեան պատճառաւ, մինչեւ մէջքը թաղուած ըլլալով Սուրիական տագնապի տիղմին մէջ, այդ ահաբեկիչներուն դէպի իրենց մեկնակէտը վերադառնալու, ինչպէս նաեւ քրտական ազատագրական խմբաւորումներու վախին ազդեցութեան տակ, նախաձեռնած է Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ 900 քիլոմեթր երկարութեամբ եւ. 3 մեթր բարձր պատի մը շինութեան, որուն վրայ պիտի ամրացուին 2 մեթր բարձրութեամբ փշալարեր եւ նկարչական սարքեր:
Պատին մօտ 400 քլմ.-ը աւարտելու վրայ է, որուն կարեւոր մասերը՝ Ճարապլուս, Թէլ Ապեատ, Ռաս Ուլ Այն, Արաբունար (Էյն Արապ) եւ Գամշլիի սահմանին վրայ են. Միայն քեսապ հայաւանին վարչական 25 քլմ. Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ արդէն գրեթէ աւարտած է 15-17 քլմ.-ի շինութիւնը, սկսելով հեռակայ Գարաքինիսի (Սեւ եկեղեցի) վտակի կամուրջին մօտէն մինչեւ բարձրադիր Սեւ Աղբիւրէն (Կասիոս լեռ), ապա Պաղուրտի շրջան մինչեւ Միջերկրական ծով, որպէս լեռնային դժուար անցանելի շրջան, կը կարծուի որ հոն պիտի չշինուի պատ (մօտ 10 քլմ.):
Քեսապի, Թուրքիոյ հետ մաքսային անցակէտին մօտակայ, Տուզաղաճ գիւղի շրջանէն անցնող մայրուղիի երկայնքին պատը (մօտ 4-5 քլմ.) արդէն ճամբայէն 200-300 մեթր հեռաւորութիւնը եւ շատ յստակօրէն կ’երեւի:
Հարց կը տրուի, թէ Թուրքիոյ կողմէ հրահրուած եւ հովանաւորուած տագնապին դիմաց եթէ քաղաքական-գաղափարական «թափանցումներուն, ինչքան արգելք կրնայ ըլլալ պեթոնէ պատը: Վկայ Հրէաստանի եւ Պաղեստինի միջեւ մօտ 10 տարիէ ի վեր բարձրացած պատին ձախող փորձը:
Իսկ որպէս քեսապցիներ, 100 տարուան ընթացքին երեք անգամ նոյն դաւադիր թուրքին կողմէն տեղահանուած, մինչեւ Տէր Զօր եւ Փոր Սայիտ տարագրուած, ինչպիսի՞ միամտութեամբ պիտի մենք զմեզ համոզենք, որ թրքական «պատը» ապահովութեան երաշխիք է, երբ իր քաղաքական վերնախաւին՝ քաղաքական կամ գաղափարական մտքին մէջ, ոճրագործին բնազդը, դաւադիր կառուցուածքը չէ փոխուած եւ ճիգ չի թափուիր զայն փոխելու, փաստը անոնց խրումը սուրիական տագնապին մէջ իր:
Քեսապցիք, յամառելով Քեսապ բնակիլ, այս ամէնուն՝ պատին թէ միջազգային երաշխիքներուն հանդերձ, իրաւունք չունին հաւատալու թուրքին: Մենք գիշերները մեր մէկ աչքը խուփ, սակայն միւսը բաց կը քնանանք:
Ի դէպ, այստեղ յայտնենք, Քեսապի այդ 25 քլմ.-նոց սահմանին վրայ տեղակայուած են 5-6 թրքական զօրանոցներ, որոնք իրարու կապուած են լայնածաւալ ճամբաներով, իսկ «Կասիոս» բռնագրաւուած լերան գագաթը «պղծուած» է, ուր շինուած են ռազմական խարիսխներ, եւ այս ամէնը անցնող 6 տարիներուն ընթացքին:
Երգը կ’ըսէ.
«Եօթը թիթեղ դեղին ոսկի,
Չենք հաւատար թուրքին խօսքին»:
Նշենք, որ ամիսներ առաջ թրքական կառավարութիւնը սկսած էր Սուրիոյ սահմանին վրայ երկարող պատ մը կառուցել, սկսած արեւմտեան կողմէն սուրիական Քեսապ աւանին Գարատուրան (Ալ Սամրա) գիւղին սահմանային անցքէն, հասնելով մինչեւ Ալ Աթայրա գիւղաւանը՝ արեւելքի կողմէն:
Թրծաշաղախուած պատին երկարութիւնը կը հասնի 12 քլմ.-ի, բարձրութիւնը՝ 3 մեթրի, որուն վրայ տեղադրուած են նաեւ 2 մեթր բարձրութեամբ փշաթելեր:
Թրքական իշխանութիւնները յայտնած են, որ սոյն պարիսպը պիտի հասնի մինչեւ սուրիական Գամիշլի քաղաքը, որուն կառուցման աշխատանքները պիտի տեւեն առաւելագոյնը եօթը ամիս:
Սուրիոյ Ազգային Պաշտպանութեան Ուժերու (National Defence Forces) պատրաստած մէկ տեսանիւթը կը հիմնաւորէ թուրք կառավարութեան պարսպապատումի աշխատանքները՝ Քեսապի մօտ։
Թրքական իշխանութիւնները կը պնդեն, թէ պարսպապատումի սոյն ծրագրին նպատակն է դիւրացնել սահմանային վերահսկողութիւնը, մինչ սուրիական կողմը զայն կը տեսնէ, որպէս խախտում երկու կողմերուն միջեւ ստորագրուած համաձայնութիւններուն: