Աղբիւր՝ www.yerkir.am
«Գանձասար»-ը գրում է. «Սուրիահայութէան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Հալէպի Գործադիր Մարմինը տեղեկացուց, թէ Ուրբաթ, 7 Հոկտեմբեր 2016-ին Հանրապետութէան կողմէ Հայաստանի նախագահին հրամանագրով առաքուած Սուրիոյ եղբայր ժողովուրդին ` խաղաղութեան մաղթանքներով խորագիրը կրող բարեգործական մարդասիրական օժանդակութիւնները հասան Հալէպ:
40 թոն կշռող օժանդակութէան մէկ մասը տրամադրուած էր Լաթաքիոյ, Քեսապի, Թարթուսի եւ Դամասկոսի ժողովուրդին, իսկ գերակշիռ մասը հասաւ Հալէպ, տրամադրուելու կարիքաւոր հայ եւ արաբ սուրիացիներուն:
Մարդասիրական օժանդակութիւնը ստանձնեց ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսը, ներկայութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն, ինչպէս նաեւ Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Կեդրոնական Մարմինին մաս կազմող հայ երեք կազմակերպութիւններու, ՀԲԸՄ-ի եւ ՍՕԽ-ի ներկայացուցիչներուն:
Օժանդակութիւնները յանձնուեցան Շտապ Օգնութեան Հալէպի Գործադիր Մարմինին:
Օժանդակութիւնները կը պարունակէին հետեւեալ տեսականիները.
Ա)Հանդերձանք
Բ) Սննդամթերք
Գ) Ծխախոտ
Այդ տեսականիները սակայն չէին համընկներ քանակով: Այս իսկ պատճառով Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմինը օժանդակութիւնը հալէպահայ բոլոր ընտանիքներուն հասցնելու հրամայականէն մեկնած, ինչպէս նաեւ անոր տեսակի եւ քանակի այլազանութիւնը նկատի առած նախ որոշեց օժանդակութեան յատկացուելիք հասցէներն ու տեսակները ապա, իր կազմին կողքին, աշխատանքի հրաւիրեց կամաւոր 15 հայ երիտասարդներ, որոնք Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ, տասը օրերու տեւողութեան տքնաջան աշխատանքով նախ մանրամասն տուեալներով ցանկագրեցին օժանդակութեան իւրաքանչիւր տեսակի քանակն ու տրամադրելի կողմերը: Ապա կազմեցին այլազան տեսականիներ պարունակող զամբիւղներ:
Սոյն աշխատանքի աւարտեն ետք, Գործադիր Մարմինը հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, ուր ժողովուրդը հրաւիրեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահ` ստանալու պատրաստուած զամբիւղները` հետեւեալ թուականներուն.
-Երկուշաբթի 17, Երեքշաբթի 18 եւ Չորեքշաբթի 19 Հոկտեմբերին (Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմինէն եւ ՀԲԸՄ-էն տագնապի ընթացքին օգտուող ընտանիքները):
– Հինգշաբթի 20 եւ Ուրբաթ 21 Հոկտեմբերին (Շտապ Օգնութեան Գործադիր Մարմինէն եւ ՀԲԸՄ-էն տագնապի ընթացքին չօգտուող ընտանիքները):
Տեղին է նշել, որ օժանդակութեան բաշխումի առաջին երեք օրերուն օժանդակութեան զամբիւղներ ստացաւ 2728 ընտանիք:
Բաշխումը կը շարունակուի յայտարարուած ժամանակացոյցին համաձայն»: