Աղբիւր՝ www.yerkir.am
Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթի 85-ամեակի ձեռնարկներուն մասնակցելու համար Թեհրանի մէջ համախմբւած են աշխարհասփիւռ հայալեզու մամուլի ներկայացուցիչներ, որոնց կարգին` «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Աւետիս Կիտանեան եւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան:
15 սեպտեմբերին հեռաձայնային կապով մը անոնք արտայայտեցին իրենց տպաւորութիւնները: Աւետիս Կիտանէան անդրադարձաւ իրենց Թեհրան գտնւելու նպատակին` նշելու «Ալիք»-ի 85-ամեակը, եւ աւելցուց, որ 15 սեպտեմբերին հիւրերը Թեհրանեն ուղղւած են Ատրպատական, Ջուլֆա գիւղ` Արաքս գետի ափին, այսինքն` Նախիջեւանի դիմաց: «Մեր առաքելութիւնը, անկախ 85-ամեակի տօնախմբութենէն, պիտի ըլլայ նաեւ այցելութիւն Ս. Ստեփանոս եւ Ս. Թադէի վանքեր: «Ալիք»-ի յարկին տակ խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ տեղեկատւական այսօրւան հարցերուն շուրջ: Խմբագիրները նաեւ այցելեցին թեհրանեան նշանաւոր թերթերը եւ խմբագրատունները. նաեւ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Թեհրանի Ազգային առաջնորդարանին մէջ, ուր մեզ ընդունեց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ Թեհրանի թեմի Ազգային իշխանութիւնները, ներկայ էին նաեւ Իրանի խորհրդարանի անդամներ Կարէն Խանլարեան եւ Ժորժ Աբրահամեան»: