Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

 

Կիրակի, 4 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի հետ։ Առաջնորդ Սրբազանը լայնօրէն զեկուցեց Նորին Սրբութեան ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի մէջ տիրող կացութեան մասին՝ վերջին օրերուն տեղի ունեցած քաղաքական ու ռազմական նոր զարգացումներու լոյսին տակ։ Շահան Սրբազան յատկապէս տեղեակ պահեց Վեհափառ Հայրապետը մարդասիրական ու ընկերային ծառայութեանց ծիրէն ներս Թեմի Ազգային Իշխանութեան ու Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինի կատարած աշխատանքներուն մասին։

Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գնահատանքը յայտնեց Սրբազան Հօր, Ազգային Իշխանութեան, Շտապ Օգնութեան եւ յարակից մարմիններուն, ինչպէս նաեւ հայկական թաղերուն ու ընտանիքներուն ապահովութեան հսկող երիտասարդ տղոց՝ իրենց նուիրեալ ծառայութեան համար։ Վեհափառ Հայրապետը անգամ մը եւս իր գնահատանքը յայտնեց այն բոլոր կառոյցներուն ու անհատներուն, որոնք անցնող տարիներու ընթացքին գործնապէս մասնակից դարձան Սուրիոյ հայութեան զօրակցական աշխատանքներուն։

Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, թէ Հայ Եկեղեցին իր ժողովուրդին հետ պէտք է ըլլայ մանաւանդ տագնապալից օրերուն, միաժամանակ վստահեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ գործնապէս զօրակից ու աջակից ըլլալ Սուրիոյ հայութեան օգնութեան եւ վերականգնումի բոլոր աշխատանքներուն։ Վեհափառ Հայրապետը դարձեալ իր բուռն փափաքը յայտնեց առաջին առիթով հովուապետական այցելութիւն տալ Հալէպ եւ մօտէն շփում ունենալ իր ժողովուրդի զաւակներուն հետ։

Այս առիթով, Նորին Սրբութիւնը Շահան Սրբազանին փոխանցեց Ժընեւի մէջ անցնող օրերուն Սուրիոյ տագնապի գծով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան գլխաւոր բանագնաց Տի Միսթուրայի հետ իր ունեցած հանդիպման մանրամասնութիւնները։

Յայտնենք, որ յառաջիկայ օրերուն Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի ունենալիք Արմենօֆասի ժողովը յատուկ կերպով պիտի անդրադառնայ Սուրիոյ հայութեան մարդասիրական աջակցութիւն ընծայելու կարելիութիւններուն մասին։