Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org
Սուրբ Աստուածածինը Հայ Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի կեանքին մէջ առանցքային տեղ ունի։ Մեր եկեղեցւոյ մտածողութեան ու վկայութեան եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ Սուրբ Աստուածածինը եղած է մնայուն ներկայութիւն եւ աղբիւր հոգեւոր կեանքի վերանորոգման։ Մեր ժողովուրդը յատուկ երկիւղածութեամբ մօտեցած է Սուրբ Աստուածածնին՝ անոր անունով եկեղեցիներ ու ուխտավայրեր կանգնած եւ ուխտագնացութիւններ կազմակերպած է։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Օգոստոս ամիսը Սուրբ Աստուածածնայ ամիս հռչակելով կը թելադրէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ ուխտագնացութեան, աղօթքի ու բարեպաշտական այլ արարքներու ճամբով դիմեն սուրբ եւ բարեխօս Աստուածածնին, որպէսզի ան ընդունի մեր ուխտերը ու լսէ աղօթքները։
Ասկէ մեկնելով, Օգոստոս ամսուան ընթացքին հետեւեալները նախատեսուած են Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ.-
1. Սոյն ամսուան չորս Ուրբաթ օրերու (Օգոստոս 5, 12, 19 եւ 26) երեկոյեան ժամը 7։30-ին պիտի մատուցուի Ս. եւ Անմահ Պատարագ։
2. Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը կանխող շաբթուան ընթացքին, անցնող տարիներու աւանդութեան համաձայն, ամէն օր տեղի պիտի ունենան Սուրբ Գրոց սերտողութիւններ (այս գծով առանձին յայտարարութեամբ մանրամասնութիւններ պիտի փոխանցենք մեր ժողովուրդին)։
3. Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Շաբաթ 13 Օգոստոս 2016-ի երեկոյեան 8:00-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցուի, ապա տեղի պիտի ունենայ մատաղի ու խաղողի օրհնութիւն (դարձեալ մանրամասնութիւնները առանձին յայտարարութեամբ պիտի փոխանցենք մեր ժողովուրդին)։
4. Օգոստոս ամսուան ընթացքին Ս. Աստուածածին Վանքի դարպասը բաց պիտի մնայ, առաւօտեան ժամը 8-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8, որպէսզի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները այցելեն Ս. Աստուածածին Վանք եւ իրենց ուխտը կատարեն թէ՛ Ս. Աստուածածին մատրան մէջ եւ թէ՛ բացօթեայ խորանին առջեւ։
Կո՛չ կ’ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որպէսզի առաւելագոյն չափով մասնակցութիւն բերեն սոյն հոգեւոր արարողութեանց ու բարեպաշտական ձեռնարկներուն։