Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, թէ հինգշաբթի, 28 ապրիլ 2016-ին, ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներու կողմէ հրթիռակոծման թիրախ դարձաւ Հայ ծերանոցի` այժմու «Վ. Կիւլպէնկեան» մայրանոց-հիւանդանոցին հանդիպակաց թաղի շէնք մը: Ուժգին պայթումին իբրեւ հետեւանք ցնցուեցաւ ամբողջ Նոր Գիւղի շրջանը: Հրթիռը ուղիղ ինկաւ շէնքի մը վրայ: Փուլ եկաւ շէնքին ներսի մասը ամբողջութեամբ:

Արձանագրուեցան բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ: Փլատակներու տակէն դուրս հանուեցան զոհերն ու վիրաւորները եւ անմիջապէս տեղափոխուեցան հիւանդանոց. շրջանի բնակիչները, շրջանի հայկական ակումբի տղաքը, բանակն ու շտապ օգնութիւնը փութացին օգնութեան:

«Պայթումին պատճառով մեծ վնաս կրեց նաեւ Հայ ծերանոցը: Շէնքին ապակիները փշրուեցան, կարգ մը առաստաղներ եւ այլ բաժիններ քանդուեցան: Անմիջական կարգադրութիւնները տեղի ունեցան պատսպարեալներու եւ պաշտօնէութեան նախնական ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար, այժմ մտահոգիչ բան չկայ: Արդէն շէնքի անմիջական նորոգութիւններ կը կատարուին», հաղորդած է «Բերիոյ նիուզ»:

Նշենք, որ այս շաբթուան ընթացքին ընդդիմադիր զինեալ խումբերը խախտելով զինադադարը` հարիւրաւոր հրթիռներ արձակած են քաղաքի ամբողջ տարածքին վրայ: