Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

 

Երկուշաբթի, 4 Ապրիլ 2016-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա. Վեհափառ Հայրապետը, վերջին երկու օրերու ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով, հեռաձայնային կապ հաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մեծարգոյ Նախագահ Տիար Բակօ Սահակեանին հետ, ու յայտնեց իրեն, թէ «Ողջ Սփիւռքը զօրակոչի ենթարկուած է Ղարաբաղի կողքին եւ միակամ ոգիով, կամքով ու հաւատքով պատրաստ է օժանդակելու Ղարաբաղին՝ ամէն իմաստով»։

Հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին Պրն. Նախագահը լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց վերջին օրերուն կատարուած զինուորական գործողութիւններուն եւ արձանագրուած յաջողութիւններուն մասին։ Ան մեծապէս գնահատեց Սփիւռքի հայութեան ցուցաբերած ամուր զօրակցութիւնը Ղարաբաղին նկատմամբ։

Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին ջերմօրէն ողջունեց Ղարաբաղի մեր արի զինուորներուն քաջութիւնն ու մարտունակութիւնը։