Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

 

Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը պահանջող Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած դատը, ինչպէս յաճախ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը շեշտէ, սովորական դատ մը չէ. ան մեր եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդի՛ն դատն է։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ կը նկատենք յիշեալ դատի զարգացումներուն մասին տեղեակ պահել մեր ժողովուրդի զաւակները։

Նկատի ունենալով թէ ներկայ դատով Հայոց Ցեղասպանութենէն հարիւր տարիներ ետք առաջին իրաւական քայլն էր որ կ’առնուէր՝ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներու եւ յատկապէս բռնագրաւուած եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածներու ծիրէն ներս, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն հայ ժողովուրդի բռնագրաւուած կալուածներու վերադարձը արգելակող թուրք կառավարութիւններուն կողմէ առնուած յաջորդական շարք մը որոշումները, առաւել, Կաթողիկոսարանի վերադարձի թղթածրարին ըստ էութեան քաղաքական բնոյթը, դատի իրաւական թղթածրարին պատրաստութիւնը դիւրին չեղաւ։ Անցնող շուրջ չորս տարիներու ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ Թուրքիոյ եւ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց դատարաններու օրէնքներու խումբ մը մասնագէտներ երկար պրպտումներու, ուսումնասիրութիւններու եւ խորհրդակցութիւններու լոյսին տակ, մեր դատական թղթածրարը պատրաստեցին իր պատմական ու իրաւական երեսներով եւ զայն Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարան ներկայացուցին 27 Ապրիլ 2015-ին, ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք։

Դատի ներկայացման թուականէն մինչեւ օրս հետեւեալ զարգացումները արձանագրուեցան.- ա) Դատը Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարան ներկայացուելէ շուրջ երկու ամիս ետք, Դատարանը փաստաթուղթեր պահանջեց՝ Վեհափառ Հայրապետին դատ բանալու իրաւական կարգավիճակը հաստատող։ Օրին, այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ փաստաթուղթերը փոխանցուեցան Դատարան։ բ) 1 Մարտ 2016-ին, Կաթողիկոսարանի փաստաբանը Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին յուշագիր մը յղեց՝ պահանջելով դատական ունկնդրութեան նիստ։

Թրքական Սահմանադրական Դատարանի լռութեան դիմաց, Վեհափառ Հայրապետին առաջարկով եւ նախագահութեամբ, 5 Մարտ 2016-ին, Ժընեւի մէջ տեղի ունեցաւ Կաթողիկոսարանի դատին իրաւական խմբակի հանդիպումը, որուն հիմնական նպատակն էր մէկ կողմէն Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ մեր դատին գործընթացքը արագացնող կարելիութիւններու քննարկումը, եւ միւս կողմէ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին ուղղութեամբ քայլեր առնելու կարելիութիւններու յստակեցումը՝ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին կողմէ որդեգրուելիք հաւանական մօտեցումներուն լոյսին տակ։

Դատարանին կողմէ մեր դատին քննարկումը արագացնելու նպատակով, ժողովը լսեց թուրք փաստաբաններուն եւ յանձնախումբին փոխանցուած Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանի գործունէութեան մօտէն ծանօթ երկու մասնագէտներու տեսակէտները։ Այս ծիրէն ներս պարզուեցաւ, որ ներկայիս Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանի սեղանին վրայ մեծ թիւով քննարկուելիք թղթածրարներ կան, նոյնիսկ 2012 թուականէն ի վեր։ Եւ մեկնելով այն իրողութենէն, որ ա) Դատարանը իրաւունք ունի, եւ օրինակները բազմաթիւ են, իր հայեցողութեամբ դատական քննութեան համար թղթածրարներու առաջնահերթութիւն հաստատելու, նկատի ունենալով ներկայացուած դատերուն բնոյթն ու անմիջականութիւնը. բ) նկատի ունենալով Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքի դատին նա՛եւ քաղաքական բնոյթը, կրնայ մեր դատը Սահմանադրական Դատարանին կողմէ նկատուիլ «ոչ առաջնահերթ» եւ հետեւաբար, Դատարանը կրնայ որդեգրել ձգձգումի քաղաքականութիւն։

Փոխանցուած տեղեկութիւններու եւ կատարուած մեկնաբանութիւններու լոյսին տակ, Կաթողիկոսարանի դատին իրաւական խմբակը եզրակացուց հետեւեալը.- 1) Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ մեր կողմէ լիազօրուած փաստաբանը պէտք է շարունակէ յիշեցման յուշագիրներ ներկայացնել Դատարանին։ 2) Յուշագիրները ստանալէ ետք Դատարանը կրնայ երեք հաւանական մօտեցումներ որդեգրել.- ա) լուռ մնալ. բ) պարզապէս յուշագիրներ ստացած ըլլալը հաստատել. գ) յայտնել, թէ հարկ է թղթածրարի քննարկման համար Դատարանին կողմէ ճշդուելիք թուականին սպասել։

Սահմանադրական Դատարանին յիշեալ հաւանական մօտեցումները փաստօրէն կ’ենթադրեն դատի քննարկման ձգձգում։ Այս պարագային անհրաժեշտ է.- Առաջին, «տրամաբանական ժամանակ» մը սպասել եւ ապա դիմել Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարան, որու կանոնագրութեան 6-րդ յօդուածին համաձայն, որեւէ դատի գծով յատկացուած «տրամաբանական ժամանակի» խախտումը, իրաւունք կու տայ ընդունիլ իրեն ներկայացուած դատ մը։ Երկրորդ, Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ կատարուելիք հետապնդումներուն զուգահեռ պատրաստել Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարան ներկայացնելու մեր դատի թղթածրարը՝ յարաբերաբար Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին որդեգրելիք հաւանական մօտեցումներուն կամ որոշումներուն։

Ժողովի աւարտին իրաւական յանձնախումբը պատրաստեց անգլերէն լեզուով հաղորդագրութիւն մը զոր կու տանք թարգմանաբար.- Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը պահանջող եւ եզակի նշանակութիւն ունեցող դատին առնչուած աշխատանքներու ծիրէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մարտ 5-ին, Ժընեւի մէջ, հանդիպում մը ունեցաւ յիշեալ դատով զբաղող իրաւական յանձնախումբին հետ։ Հանդիպումին նպատակն էր քննել 27 Ապրիլ 2015-ին Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարան ներկայացուած դատին ներկայ հանգրուանը։ Յիշեալ դատով Կաթողիկոսարանը կը պահանջէ Սիսի Կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքի վերահաստատումը։ Արդարեւ, միջազգային օրէնքի ու 1923-ի Լոզանի Դաշնագրին համաձայն, Թուրքիոյ կառավարութիւնը պարտաւոր է Կաթողիկոսարանին կալուածը վերադարձնել, որպէսզի գործածուի կրօնական պաշտամունքի համար։ Յիշեալ դատին քննութիւնը արագացնելու նպատակով, Կաթողիկոսարանի փաստաբանը վերջերս յուշագիր մը ներկայացուց Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարան՝ դատական ունկնդրութեան նիստ պահանջելով։ Եթէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կամաւորապէս չվերադարձնէ Սիսի Կաթողիկոսարանը եւ կամ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանը չորոշէ վերադարձնել Կաթողիկոսարանը, ինչպէս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս նախապէս յայտարարած է, յիշեալ դատը պիտի ներկայացուի Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարան, որուն արձակած վճիռը Թուրքիան պարտաւոր է գործադրել։