Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Թուրքիոյ քրտաբնակ Տիարպեքիր քաղաքի Սուր շրջանին մէջ կրկին զինուած բախումներ կ՛ընթանան թուրք ուժայիններու եւ «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (ՔԲԿ-PKK) միջեւ: Ըստ ermenihaber.am –ի՝ թրքական ընդդիմադիր «Zaman» թերթի կայքը կը տեղեկացնէ, որ ոստիկաններէ, զինուորներէ ու քաղաքացիներէ կազմուած խումբեր պայքար կը մղեն մասնաւորապէս Հասըրլը թաղամասին մէջ: Կը նշուի, որ թրքական կողմը քիւրտ զինեալներու պատնէշներն ու խրամատները հրասայլերով կը ռմբակոծէ:
Ստացուած տեղեկութիւններուն համաձայն` ՔԲԿ-ի զինեալները պատսպարուած են Dört Ayaklı Minare -ի (Տէորթ Այաքլը Մինարէ) փողոցին մէջ, ուր 2015-ի Նոյեմբերին փողոցային բախումներու ժամանակ սպաննուած էր Տիարպեքիրի փաստաբաններու պալատի նախագահ Թահիր Էլչին:
Կը յայտնուի, որ շուրջ 54 օր շարունակուող պարէտային ժամերու ընթացքին գրեթէ չդադրող բախումներու հետեւանքով որոշակիօրէն տուժած է նաեւ Սուրի մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին: Մտավախութիւն կայ, որ առկայ իրավիճակի պատճառով եկեղեցին դեռ աւելի մեծ վնասներ կրէ:
Յիշեցնենք, որ Սուրբ Կիրակոսը Միջին Ասիոյ ամենամեծ հայկական եկեղեցին է: 97 տարի կիսաւէր մնալէ ետք այս պատմական կառոյցը վերանորոգուած եւ մեծ շուքով վերաբացուած է 2012-ին: Իսկ 2015 թուականին եկեղեցին արժանացած է Եւրոմիութեան մշակութայի ժառանգութեան «Մեծ մրցանակ»-ին: