Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին պատճառով իրենց բնակավայրերը լքած եւ Թուրքիա (արեւելեան շրջաններ՝ Եոզկաթ, Ամասիա, Էրզրում, Աֆիոն) ապաստանած փախստականներուն մէջ կան հազարաւոր քրիստոնեաներ, որոնք կը թաքցնեն իրենց ինքնութիւնը:
Վերջիններս ԱՄՆ, Գանատա եւ Աւստրիա երթալու համար դիմած են ՄԱԿ-ի գրասենեակ, սակայն անոնց մուտքի արտօնագրի հարցը առկախուած է մինչեւ 2023 թուական:
«Էրմենիհապեր»-ի փոխանցմամբ, «Hurriyet»-ը կը գրէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Սելինա Տողան եւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան հոգեւոր խորհուրդի անդամ Տրդատ Ուզունեան այցելած են Եոզկաթի մէջ հաստատուած 19 ընտանիք:
Պատրիարքութեան հոգեւոր խորհուրդի ներկայացուցիչը նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ հայ փախստական ընտանիքներու հաստատուելուն մասին նոր իմացած են, եւ այժմ տեղեկութիւն ունին միայն Եոզկաթի մէջ գտնուող ընտանինքերուն մասին: Ուզունեան միւս վայրերուն մէջ հաստատուած հայ ընտանիքներուն, եթէ այդպիսիք կան, կոչ ըրած է կապ հաստատելու իրենց հետ:
Սելինա Տողան յայտնած է, որ նման ընտանիքներու գոյութեան մասին նոր իմացած են եւ հնարաւոր ամէն ինչ պիտի ընեն` լուծելու անոնց խնդիրները: Փախստականները կը նշեն, որ իրենց հիմնական խնդիրը աշխատանք գտնելու դժուարութիւնն է եւ երեխաներու կրթութեան հարցը: Անոնք դպրոց չեն յաճախեր թրքերէն չիմանալուն պատճառով:
Ալիս Սալջեանը, որ 1 տարի առաջ Իրաքէն հեռանալով իր ընտանիքին հետ Թուրքիա եկած էր, կը պատմէ, որ ոսկերիչ ամուսինը չի կրնար աշխատանք գտնել, երեխաները դպրոց չեն յաճախեր:
«Երեխաները կրնան շփուիլ միայն հայ փախստական երեխաներու հետ: Հարեւաններ ալ ունինք, բայց անոնք գիտեն, թէ մենք մահմետական ենք»,- կ՛ըսէ ան:
Ըստ աղբիւրին, Լինտա Մարգարեանը ամուսինին եւ երկու զաւակներուն հետ նոյնպէս Իրաքէն է: 7 ամիս առաջ Եոզկաթի մէջ հաստատուած ընտանիքին մայրը կը նշէ, որ իրենց միակ ցանկութիւնը երեխաներուն համար արժանապատիւ եւ անվտանգ կեանք ապահովելն է: Ըստ Լինտային` իրեն համար յատկապէս շատ դժուար է կրօնական ծիսակատարութիւնները գաղտնի ընելը:
Մէկ այլ փախստական Աւանես Մելիքեանը պատմած է, որ Եոզկաթի մէջ հիմնականօրէն ժամանակ կ՛անցնեն մ հայերու հետ, որոնց հետ միասին եկած են, իսկ Եոզկաթցի ընկերները իրենց այլ անուններով կը ճանաչան, օրինակ` շրջապատին մէջ գիտեն, թէ ինք արաբ է: