Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Սերժ Սարգսեանին հետ ունեցած հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին ողջունեց սահմանադրութեան փոփոխութիւնները Հայաստանէն ներս եւ յոյս յայտնեց, որ «այս կարեւոր քայլը աւելի պիտի ամրապնդէ ժողովրդավարութիւնը, առիթ պիտի ստեղծէ ժողովուրդը ներկայացնող քաղաքական կուսակցութիւններու աւելի լայն ու գործօն մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ հայրենիքը յուզող հիմնահարցերը հաւաքական ճիգով դիմագրաւելու կարելիութիւնը պիտի ընձեռէ ու պարտաւորութիւնը պիտի շեշտէ»։
Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ վերաշեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան զօրակցութիւնը Հայաստանի անկախութեան առաւել ամրապնդման ու հզօրացման ձգտող բոլոր ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն։