Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com
Հինգշաբթի երեկոյեան Միացեալ Նահանգներու մէջ սկսաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարեկան թելեթոն-դրամահաւաքը: Անիկա շարունակուեցաւ մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը:
Այս տարի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի թելեթոնը կը կրէ «Մեր տունը» ընդհանուր խորագիրը: Նպատակն է բնակարաններով ապահովել Արցախի մէջ բնակող եւ 5 զաւակներէ աւելի ունեցող բազմանդամ ընտանիքները:
Մինչեւ առաւօտեան ժամը 1:30 թելեթոն-դրամահաւաքին ընթացքին հաւաքուած էր 2.689.142 տոլար:
Աւարտին գոյացաւ 10,378,465 տոլար։