Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

 

«Միջին Արեւելքը այսօր վերստին դարձած է տագնապներով լեցուն շրջան մը: Տագնապներ որոնք կը հրահրուին արտաքին ուժերու կողմէ ի շահ իրենց աշխարհաքաղաքական ծրագիրներուն: Այս տագնապները ամբողջական ու մնայուն լուծում կրնան գտնել միայն քաղաքական գործընթացով՝ մասնակցութեամբ տեղական ուժերու եւ մեկնելով քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը ամուր պահող յանձնառութենէն», այս շեշտաւորումով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խօսքը ներկայացուց Աթէնքի մէջ 18-20 Հոկտեմբեր 2015-ին գումարուած միջազգային համագումարին:

Յիշեալ համագումարը կազմակերպուած էր Յունաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան կողմէ: Կը մասնակցէին շուրջ երկու հարիւր ներկայացուցիչներ՝ պատրիարքներ, հոգեւոր առաջնորդներ, արտաքին գործոց նախարարներ, դեսպաններ ու միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ. Փաքիստանէն ու Հնդկաստանէն սկսեալ միջին արեւելեան երկիրներ. Թուրքիայէն եւ Ազրպէյճանէն սկսեալ մինչեւ եւրոպական երկիրներ, Միացեալ Նահանգներ ու Գանատա: Համագումարին ընդհանուր խորագիրն էր «Միջին Արեւելքէն ներս կրօնական ու մշակութային բազմազանութեան խաղաղ գոյակցութիւնը»:

Համագումարին բացումը կատարեց Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահը, որուն յաջորդեց Արտաքին Գործոց նախարարը: Անոնք շեշտեցին համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ կրօնական, մշակութային ու ցեղային բազմազանութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ, որ եղած է օրրանը երեք միաստուածեան կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու:

Նախագահին ու նախարարին բացման խօսքերէն ետք, յաջորդաբար խօսք առին զանազան եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը եւ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները: Խօսք առաւ նաեւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը:

Յիշեցնելէ յետոյ, թէ Միջին Արեւելքը կը գտնուի իր պատմութեան մէկ ճակատագրական հանգրուանին եւ յիշելէ ետք այն ազդակները՝ շրջանային թէ արտաքին միջամտութիւնները, որոնք պատճառ հանդիսացած են ներկայ բարդ կացութեան յառաջացման, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց հետեւեալ կէտերը.- ա) Արտաքին միջամտութիւնները ձախողեցան շրջանի տագնապները լուծման առաջնորդող միջոցներ գտնելու, որովհետեւ անոնց կը պակսէր շրջանի զգայնութիւններու եւ խնդիրներու ամբողջական ճանաչումը, ինչպէս նաեւ անոնք իրենց կենսական շահերը գերակշիռ նկատեցին քան տեղական ժողովուրդներու շահերը: բ) Ներքին իսլամական հակամարտութիւնները՝ անցեալէն ժառանգուած, տագնապները աւելի սրեցին զանոնք լուծման առաջնորդող ճամբաները արգելափակելով, հետեւաբար այս ծիրէն ներս համախոհութիւնը անհրաժեշտ է: գ) Ծայրայեղականութիւնը դարձած է շրջանի տագնապներու գլխաւոր պատճառներէն մէկը: Ծայրայեղականութիւնը վերածուած է մշակոյթի իր յատուկ գաղափարախօսութեամբ եւ օրակարգով՝ այնպիսի մշակոյթ մը որ սահմաններ չունի ու մարդկային արժէքներու չի հաւատար: դ) Անարդարութիւնը, ընկերատնտեսական տագնապը ու ամբողջատիրական կառոյցները յառաջացուցած են ժողովրդային ընդվզում՝ երեւոյթ մը որ դժբախտաբար շահագործուած է ծայրայեղականներու եւ արտաքին ուժերու կողմէ: ե) Յիշեալ ազդակները սկսած են խախտել քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութիւնը եւ մղել քրիստոնեաները արտագաղթի:

Նորին Սրբութիւնը վերոյիշեալ կէտերուն լայնօրէն ադրադառնալէ ետք, կարեւորութեամբ ընգծեց, թէ Միջին Արեւելքէն ներս կրօնական, մշակութային եւ ցեղային զանազանութեան պահպանումը կարելի է երաշխաւորել.- ա) Ժողովրդային կարգերու հաստատումով, որ կ’ենթադրէ բոլոր կողմերու մասնակցութիւն, հաւասարութիւն եւ արդարութիւն. բ) Ծայրայեղականութեան յաղթահարումով՝ մասնակցութեամբ իսլամ ու քրիստոնեայ կրօններու ինչպէս նաեւ շրջանային ու միջազգային ուժերու:

Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքի աւարտին յիշեցուց, թէ Միջին Արեւելքի իւրայատուկ հարստութիւններէն մէկը եղած է բազմազանութիւնը, հետեւաբար ամէն գնով պէտք է պահպանել զայն:

Համագումարի աւարտին որդեգրուեցաւ ընդհանուր յայտարարութիւն մը, ուր կը շեշտուէր թէ Յունաստանի պետութիւնը յանձնառու կը դառնայ Միջին Արեւելքի կացութեան մօտէն հետեւելու յատուկ կեդրոնի մը հաստատման:

Սոյն համագումարին նաեւ ներկայ էին Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան եւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան: