Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

 

Անցնող օրերուն Սէուտական Արաբիոյ մէջ «Հաժժ»ի ուխտագնացութեան ընթացքին, արկածի հետեւանքով մահացած Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքացի ուխտաւորներու մահուան առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս սոյն ցաւակցագիր նամակը յղեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Նախագահին, զորս կը ներկայացնենք ստորեւ։

 

2 Հոկտեմբեր, 2015

Անթիլիաս-Լիբանան

 

Վսեմաշուք Դոկտ. Հասան Րուհանի

Նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան

Թեհրան

 

Խոր ցաւով իմացանք տխուր ու ցնցիչ լուրը այն ցաւալի դԷպքին, որ տեղի ունեցած Էր ՍԷուտական Արաբիոյ մԷջ «Հաժժ»ի ուխտագնացութեան ընթացքին, եւ որուն զոհ գացին բազմաթիւ ուխտաւորներ, որոնց շարքին մեծ թիւով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքացիներ:

Այս տխուր առիթով անձնապԷս եւ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ մեր եկեղեցւոյ զաւակներուն, Ձերդ Վսեմութեան, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կառավարութեան եւ ժողովուրդին կը յայտնենք Մեր խորազգած ցաւակցութիւնները:

 

Եղբայրական սիրով,

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ