Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Երկուշաբթի 21 Սեպտեմբերի յետմիջօրէին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծման թիրախ դարձուցին Հալէպի հայաբնակ Նոր Գիւղը, յատկապէս Ճեմարանի շրջակայքը: Այս մասին «Եռագոյն»-ին կը յայտնէ Հալէպի Գանձասար շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանը։

Աղբիւրի համաձայն, հինգ վայրկեանուան ընթացքին աւելի քան տասը հրթիռներ ինկան զանազան թաղամասերու վրայ:

Վիրաւորուած է նորգիւղաբնակ Կարօ Աշճեանը: Բարեբախտաբար մեր հայրենակիցի վիճակը մտահոգիչ չէ:

Մինչ այս ժամս հրթիռակոծումը կը շարունակուի։