Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

 

Հալէպի բնակելի թաղամասերուն մէջ 15 սեպտեմբերին տեղի ունեցած ռմբակոծումին պատճառով մեծ թիւով զոհեր արձանագրուած են: Ըստ «Սանա» լրատու գործակալութեան, զոհուած է առնուազն 20 հոգի, վիրաւորուած են 100 ուրիշներ:

Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պողիկեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին փոխանցած է, որ տուժածներուն մէջ հայեր չկան: Ռմբակոծուած են հայկական թաղամասերէն մօտ 10 քիլոմեթր հեռու գտնուող շրջաններ: Աւելի քան 100 հրթիռ ինկած է մէկ օրուան ընթացքին:

«Գանձասար»-ի ֆէյսպուքի էջէն կ՛իմանանք, որ Հալէպի մէջ ջուրը կրկին անջատուած է, ելեկտրականութիւնը կը միանայ երբեմն, օրական մէկ ժամուան դրութեամբ միայն: Համացանցային ծառայութիւնը կը մնայ խափանուած, գոյութիւն ունի նաեւ վառելանիւթի տագնապ: Ապահովական առումով զինեալ խմբաւորումներ ամէնօրեայ դրութեամբ թիրախ կը դարձնեն բնակելի տարբեր շրջաններ, որոնց դիմաց սուրիական բանակը կը շարունակէ դէմ դնել անոնց թափանցման եւ ետ մղել կրկնուող յարձակումները:

Սուրիական պատերազմին իբրեւ հետեւանք Հայաստան տեղափոխուած հալէպահայերը մօտէն կը հետեւին 800 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Հալէպի մէջ տեղի ունեցող բախումներուն: Նազարէթ Արոյեան կը փորձէ հեռաձայնել Հալէպ, բայց ապարդիւն` վատ կապի պատճառով հազիւ կրնայ լսել Հալէպ գտնուող իր հարազատներուն ձայնը:

Բայց եւ այնպէս ան կրցած է 15 սեպտեմբերին կապուիլ Հալէպ եւ իր հիւանդապահ քրոջմէն գիտնալ, թէ կացութիւնը բաւական ծանր է, այնքան մեծաթիւ վիրաւորներ կան, որ կարելի չէ եղած բոլորին խնամքին հասնիլ: