Աղբիւր՝ www.asbarez.com
«Գանձասար»ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան կը հաղորդէ, որ Հինգշաբթի, 3 Սեպտեմբեր 2015ին, Դամասկոսի Ապասիին հրապարակի Ֆարէս ալ Խուրի պողոտային վրայ ինկած հրթիռի մը պայթումին հետեւանքով, վիրաւորուած է 1954ի ծնունդ Սարգիս Պարսիկեանը:
Սարգիս տեղւոյն վրայ կորսնցուցած է իր զոյգ ոտքերը եւ փոխադրուած հիւանդանոց, սակայն վիրահատութեամբ հնարաւոր չէ եղած փրկել անոր կեանքը: