Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Թուրքմէն-ալաուիական «Պեքթաշի» հիմնադրամի նախագահ Օզտեմիր Օզտեմիր, «Քանալհապեր» լրատուական կայքին հետ կայացած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ ցոյցերուն մասնակցող եւ իրենք զիրենք ալաուի ներկայացնողները բոլո՛րն ալ ծպտեալ հայեր են:
Շաբաթ, Օգոստոս 15ին հրապարակուած հարցազրոյցին մէջ Օզտեմիր կը յայտնէ նաեւ, որ նշեալ մէկ միլիոն ալաուի ծպտեալ հայերը կը համագործակցին կիւլենականներուն հետ՝ ի վնաս թրքական պետութեան:
Օզտեմիր կը պնդէ նաեւ, որ վերջերս Թուրքիոյ մէջ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներուն միացող եւ իրենք զիրենք ալաուի կոչող անձերը եւս ծպտեալ հայեր են: