Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Armenian Redwood Project (ARP) կազմակերպութիւնը, որ կը նպատակադրէ բարելաւել Սուրիոյ մէջ քանդիչ պատերազմէն տուժած սուրիացի հազարաւոր գաղթականներուն կեանքերը, կը յայտարարէ Indiegogo.comի վրայ #RootsForRefugees նուիրահաւաքի ձեռնարկը:
«Սուրիոյ մէջ պատերազմը կը մօտենայ իր 5րդ տարուան», կ՛ըսէ ARP-ի գլխաւոր պատասխանատու Ռաֆֆի Արտհալճեան՝ աւելցնելով. «Տարբեր գործակալութեանց համաձայն՝ այս պատերազմը կը նկատուի մեր ժամանակաշրջանի յոռեգոյն մարդասիրական ճգնաժամը, որուն պատճառով միլիոնաւոր քաղաքացիներ անտուն ու խոցելի դարձած են: Նկատի ունենալով, որ 15 հազար սուրիացիներ մեծ մասամբ հայկական ծագումով, Հայաստան ապաստանած են՝ գործի լծուելու պահը հիմա է, ատիկա համաշխարհային մակարդակի հրամայական մըն է»:
RootsForRefugees արշաւին նպատակն է Փետրուար 2015ին սկիզբ առած եւ Oxfam Armenia-ի նուիրահաւաքով գոյացած 220 հազար տոլարին վրայ 30 հազար տոլարի յաւելումով գումարը հասցնել 250 հազար ամերիկեան տոլարի: Հանգանակուած Գումարը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու բնակարանային վարձքերու վճարումներու օժանդակութեան: Սոյն ծրագիրին կը մասնակցի նաեւ Միացեալ Նահանգներու Սուրիահայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմինը (Syrian Armenian Relief Fund-SARF):
Վերոնշեալ ծրագիրը 2015 թուականին Հայաստան հաստատուած աւելի քան 800 սուրիահայերու նպաստաւոր վարձքով տուներ պիտի ապահովէ:
Իւրաքանչիւր ամիս 200 ամերիկեան տոլար, այսինքն՝ օրական 6 ամերիկեան տոլարի ձեր նուիրատուութիւնը ուղղակի կերպով պիտի ծառայէ Oxfam Armenia-ի ճամբով այդ գաղթական ընտանիքներուն բնակարաններու տրամադրման: Իւրաքանչիւր տոլար կարեւոր է: Ձեր նուիրատուութիւնները հիմա կատարեցէք: #RootsForRefugees հաւաքական ֆինանսաւորման արշաւը համախմբուելու առիթ մըն է: Միայն միասնաբար կրնանք մեծագոյն նպաստը բերել: Նուիրահաւաքը պիտի շարունակուի մինչեւ 4 Յուլիս 2015:
Նուիրահաւաքի պաշտօնական կայքէջէն է՝ #RootsForRefugees Campaign Link.