Ժամանակն է, որ մենք ճշգրիտ ձեւակերպում տանք օրինական պահանջներու մեր ազգային թղթածրարին: Այս առումով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ նախաձեռնուած դատական գործը Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին առջեւ` կարեւոր փորձագետին մը կը հանդիսանայ այս մարզէն ներս տարուող Հայ դատի աշխատանքներուն համար: Ան նաեւ կը յարուցէ շարք մը հարցականներ, որոնք այժմէն իսկ պէտք է անցնին մեր հաւաքական փորձաքննութեան բովէն` անցանկալի նախադէպեր կանխելու խոհեմ նախանձախնդրութեամբ:

Ըստ վերջին հրապարակումներուն, դատական գործին պահանջագիրը «գին» կը դնէ (թրքական եւ ամերիկեան դրամանիշներով ճշդուած) Սսոյ Սուրբ Աթոռի նստավայրը հանդիսացող հոգեւոր համալիրին վրայ` միաժամանակ իրաւունք տալով թուրք իշխանութիւններուն ֆինանսական հատուցման միջոցով վերջ տալու վերոյիշեալ դատին եւ դառնալու անվիճելի սեփականատէրը Սսոյ կաթողիկոսարանին: Եթէ հրապարակումները հարազատօրէն չեն ներկայացներ պահանջագիրին բովանդակութիւնը, կաթողիկոսութեան լրատուական ծառայութիւնը պէտք է անյապաղ յստակացնէ այս պարագան:

Մինչ այդ կարեւոր է, որ մեր պահանջատիրութեան թղթածրարը ձեւաւորուի յստակ եւ անառարկելի չափանիշներով: Թրքական գրաւման տակ գտնուող հայոց հազարաւոր սրբավայրերը մեր հոգեւոր ժառանգութիւնն են: Անոնք ունին ՀԱՅՐԵՆԱԿԱՆ կարգավիճակ (patrimoine) ազգային անձեռնմխելի հարստութեան գերաստիճան հանգամանքով, որ ստիպողաբար կը խտացնէ հայ ազգի անցեալ, ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն անօտարելի իրաւունքները: Ցեղասպանութեան հետեւանքներէն ծնող հատուցման սկզբունքը չի կրնար բաւարարել հայրենազրկումի պարագան: Հայրենական ժառանգութիւնը հիմնովին կը տարբերի անհատին եւ իրաւաբանական անձնաւորութիւններուն յատուկ եղող սեփականութեան պարագաներէն: Այս վերջինները կրնան ենթակայ ըլլալ սակարկութեան, բանակցութեան կամ փոխանակութեան` ըստ կողմերու տրամադրութեան եւ կամքին: Հայրենական ժառանգութիւնը սակարկելի չէ: Ան գին չունի: Թիւերու լեզուն տեղ չունի հոգեւոր արժէքներու աշխարհին մէջ: Հոգեւոր ժառանգութեան մարզին մէջ հաստատութիւնները (կառավարութիւն, կաթողիկոսութիւն եւն.) հասարակ սեփականատէրեր չեն: Անոնք աւանդապահներ (custodian) են: Անոնց գործն է յանուն ազգին տէր կանգնիլ մեր յամառ պայքարի դարերէն աւանդուած հոգեւոր ժառանգութեան եւ զայն պահպանել խորին ակնածանքով եւ բծախնդրութեամբ:

Մենք դեռ երկար ճամբայ ունինք կտրելիք համայն ազգութեամբ: Մեր մեծ գործը մեր առջեւն է դեռ: Մենք պարտաւոր ենք հասկնալու էութիւնը մեր պահանջատիրութեան: Պարտաւոր ենք զայն հասկնալու գիտութեամբ եւ մանրամասնութեամբ: Պարտաւոր ենք ճիշդ կողմնորոշուելու որոգայթներով լեցուն այս դաշտին մէջ: Պարտաւոր ենք գործելու գերազանցօրէն յստակ մտատեսիլով:

 
ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ