Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա Կաթողիկոս պարգեւատրուած է Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանով:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան, ղեկավարուելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածի 16-րդ կէտով եւ հիմք ընդունելով «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւներու եւ պատուաւոր կոչումներու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքը, որոշում կայացուցած է` Հայապահպանութեան գործին մէջ ունեցած մեծ վաստակին, սփիւռքի մէջ հոգեւոր արժէքներու պահպանման, զարգացման եւ տարածման գործին մէջ ներդրած բացառիկ աւանդին համար Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա Կաթողիկոսին պարգեւատրել Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանով: