Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org
Հինգշաբթի, 5 Մարտ 2015-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Դոկտ. Սիկրիտ Քաակի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած հարցեր եւ մասնաւորաբար հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցը. նաեւ անդրադարձ եղաւ Միջին Արեւելքէն ներս տիրող ընդհանուր կացութեան։
Վերոյիշեալ հարցերու գծով Նորին Սրբութիւնը պարզեց իր տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները։ Ան նաեւ խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ հայ ժողովուրդի արդար դատին մասին։
Մ.Ա.Կ.-ի ներկայացուցիչը յայտնեց որ յառաջիկայ երկու շաբաթներու ընթացքին, ինք Լիբանանի մասին լայն զեկոյց մը պիտի ներկայացնէ Մ.Ա.Կ.-ի Ընդհանուր Քարտուղարին եւ ապա՝ Ապահովութեան Խորհուրդին։