Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

 

Պոլսահայ գրող, լրագրող, հրապարակախօս Էթիեն Մահչուփեանը վարչապետ Ահմեդ Դաւութօղլուի գլխաւոր խորհրդական նշանակւելուց յետոյ, առաջին անգամ հարցազրոյց է տւել: Ըստ “Աքշամ” թերթի, Մահչուփեանը խօսելով Հրանդ Դինքի դատավարութեան հարցում կառավարութեան դրսեւորած վերաբերմունքի մասին, նշել է, որ դա  Թուրքիոյ Հանրապետութեան դատն է: Այդ իսկ պատճառով ինքն իբրեւ հայ որոշել է չհետաքրքրւել այդ դատավարութեամբ:  “Այս դատը ինծի, իբրեւ հայ, ոչ մէկ ըսելիք ունի: Ինծի համար կարեւոր չէ, 5 թէ 55 մարդ կը դատապարտեն: Այստեղ այլ առերեսումի մը կարիք կայ: Եթէ կուսակցութիւնը, կառավարութիւնը իր խիղճին  փնտռտուքներուն համար կը ցանկայ թղթածրարներ բանալ եւ կրկին ուսումնասիրել, ատիկա թուրք հասարակութեան եւ իսլամական հատուածին խիղճը կը թեթեւցնէ եւ իսկապէս արժէքաւոր կ՛ըլլայ: Սակայն եթէ կը կատարուի իրաւական պահանջներէ եւ Եւրոպական Միութեան ճնշումներուն պատճառով, ատիկա ինծի համար ոչ մէկ նշանակութիւն, իմաստ ունի”, ասել է Մահչուփեանը:

Լրագրողի այն հարցումին, թէ իբրեւ վարչապետի խորհրդական, 2015 թւականին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին կապւած ինչպիսի՞ սպասելիքներ ունի, աշխարհի մէջ ի՞նչ արձագանգներ կը լինեն եւ ի՞նչ պէտք է անի Թուրքիան, Մահչուփեանը նշել է, որ հայկական աշխարհը շատ բազմաշերտ է (Հայաստան, սփիւռք, Թուրքիոյ հայ համայնք), եւ դա կը թեթեւցնի Թուրքիոյ գործը, սակայն նոյն ժամանակ կաւելցնի պատասխանատուութիւնը:

“Թուրքիոյ գործը կը թեթեւնայ, որովհետեւ ընդհանրական մէկ պահանջի դէմ յանդիման չի կանգնիր: Իսկ պատասխանատուութիւնը աւելնալու առումով, եթէ ուզէ` Թուրքիա կրնայ ոչինչ ընել, սակայն ատիկա  ալ ուշադրութիւն կը գրաւէ: Ատիկա ցոյց կու տայ, որ Թուրքիա սեփական պատմութեան հետ առերեսուելու հարցին մէջ կասկածներ ունի”, ասել է նոր նշանակւած խորհրդականը: