Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

ՏԵՆՎԸՐ․- Քոլորատոյի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոլորատոյի նահանգային խորհրդարանը միաձայնութեամբ հաստատեց Հրէական Ողջակիզումը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ այլ ցեղասպանութիւներու մասին նիւթեր հանրային վարժարաններու մէջ դասաւանդել պահանջող բանաձեւը։

 

Բանաձեւը պէտք է նահանգային Ծերակոյտին կողմէ եւս հաստատուի եւ ստորագրուի նահանգապետին կողմէ։

 

Քոլորատոյի Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնեց բանաձեւին վաւերացման սատարած երեփոխաններուն, անհատներուն եւ կազմակերպութիւններու, ներառեալ՝ Քոլորատոյի Հայերուն եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին։