Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Ֆրանսայի նախագահը կատարեց 5 Փետրուարին հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն տուած իր խոստումը: Արդարեւ, 10 Ապրիլին, նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ստորագրեց հրամանագիր մը՝ Ապրիլ 24ը պաշտօնապէս հռչակելով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր։
Յիշեցնենք, որ Մաքրոն 5 Փետրուարին, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքին ընթացքին յայտարարած էր, որ որոշած է Ֆրանսայի մէջ Ապրիլ 24ը Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր հռչակել, յարգելու համար նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին իր տուած խոստումը։
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսա 2001ին ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Ըստ «Էրմենիհապեր»ի՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու «Թուիթըր»ով հակադարձեց Մաքրոնի այս քայլին՝ պնդելով, թէ հռչակագիրը կը խախտէ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին եւ Ֆրանսայի Սահմանադրական դատարանի որոշումները:
«Մաքրոն նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին հայերուն տուած խոստումները իրականացնելով՝ կրկին կը դիմէ ամբոխավարութեան: Նախ եւ առաջ ան իր պատմութեան մութ էջերուն վրայ հայեացք մը թող նետէ: Ռուանտայի ցեղասպանութենէն քառորդ դար անցած է», կը գրէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը: