Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, պատգամաւոր Կարօ Փայլան, «Ակօս» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսելով Տիգրանակերտի կողմէ իբրեւ պատգամաւոր առաջադրուելուն մասին՝ ըսաւ. «Ես մալաթիացի՛ եմ: Մեծցած եմ Մալաթիայէն յամեցող յիշատակներով: Զաւակն եմ ընտանիքի մը, որ չէ կրցած մնալ Մալաթիա ու ստիպուած հեռացած ու գաղթած է Պոլիս: Հայեր, յոյներ, թէեւ մեծ մասամբ կը բնակին Պոլիս, սակայն մենք ունինք նաեւ Անատոլուին պատկանող անցեալ մը, զոր կը կորսնցնենք: Նպատակս է դարձեա՛լ յիշել ու յիշեցնել այս պատմութիւնը»:
Ըստ անոր՝ Թուրքիոյ հայերը, որոնք սկսած էին որոշ չափով ազատ արտայայտուելու իրենց ինքնութեան մասին, յատկապէս՝ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք, այսօր կրկին կ՛ապրին դէպի լռութիւն տանող վախի մթնոլորտի մէջ:
«Իշխանութեան ստեղծած վախի մթնոլորտէն ամենաշատը փոքրամասնութիւններն են, որոնք կը տուժեն։ Հայ համայնքը եւս սկսած է երթալու դէպի լռակեացութիւն, անցեալի խոր ցնցմունքներուն պատճառով: Մեր երիտասարդները սկսած են մտածելու, թէ այս երկրին մէջ հաւանաբար ապագայ չունին: Այս ամէնը կանխելու միակ ճամբան՝ ժողովրդավարացո՛ւմն է, ինչ որ ոչ միայն հայերու, այլեւ ամբողջ հասարակութեան խնդիրն է: Եթէ այդ հարցին մէջ յաջողինք, հայերը կրկին կրնան երազաներ կառուցել դարձեալ այս հողերուն վրայ ապրելու մասին», ըսաւ Փայլան:
Ան նաեւ յայտնեց այն համոզումը, որ լռելը, գոնէ այս պարագային՝ ո՛չ կրնայ լուծել առկայ խնդիրները, ո՛չ ալ կրնայ ապահովութեան երաշխիքներ տալ հայերուն: «Ինծի յաճախ կ՛ըսեն. «Շատ ձայն մի՛ հաներ, գլխուդ բան մը կու գայ»: Իսկ ես կ՛ըսեմ, որ լռելը ապահով ըլլալ չի՛ նշանակեր: Երանի իմ լռելով բոլոր հարցերը լուծուէին: Մինչդեռ իրականութիւնը ընդհակառա՛կն է. եթէ անարդարութեան զոհ կը դառնանք, ապա ձայն հանելը ամենաաապահով միջոցն է դարմանելու վիճակը: Որքա՛ն ալ ուզէք լռել, փակուիլ ձեր տուներուն մէջ, սադրանքը պիտի՛ ըլլայ: 1915ին, 1955ի Սեպտեմբեր 6-7ին, այս բոլորը մեր գլխուն եկան՝ մեր լռելո՛ւն պատճառով եւ որովհետեւ մենք հայ էինք, յոյն էինք: Եթէ դուք իրաւացի կողմ էք՝ պէտք է լսելի դարձնէք ձեր ձայնը: Ես պիտի շարունակեմ այդ ընել», աւելցուց հայազգի երեսփոխանը։
Խօսելով պատրիարքական ու համայնքային ընտրութիւններուն մասին, որոնք տարիներէ ի վեր կը ձգձգուին ու չեն իրագործուիր, Կարօ Փայլան ըսաւ հետեւեալը. «Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հետ զրուցեցինք երեք ամիս առաջ: Ըսի, որ չէք արտօներ, որ սակաւաթիւ փոքրամասնութիւն մը ընտրէ իր պատրիարքը: Այս պարագան կ՛ունենայ իր հետեւանքները: Ձեզի համար աւելի՛ օգտակար է հայ հաւաքականութիւն մը, որ իր պատրիարքը ընտրած է ու զօրաւո՞ր է, թէ հաւաքականութիւն մը, որ չէ ընտրած իր առաջնորդը: Եըլտըրըմ անշուշտ նախընտրեց հաւաքականութիւնը, որ ընտրած է իր պատրիարքը: Անմիջապէս ետք, սակայն, ի գործ կը դրուի ապակեայ առաստաղը»:
Նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ պատահած հետաքրքրական դէպքերու մասին պատմելով՝ Փայլան ըսաւ, որ ուզած է երթալ ու տեսնել Ս. Կիրակոս եկեղեցին, որ պաշարման վիճակի մէջ է: «Ուզեցի այցելել, տեսնե՛լ եկեղեցին: Տիգրանակերտի կուսակալը անպատասխան կը ձգէ հեռաձայնային զանգերս: Նշանակեալ պաշտօնեայ մը յարգանք պէտք է ցուցաբերէ ընտրեալ երեսփոխանին: Տիգրանակերտի մեր հոգեւոր կեդրոնը վնասուած չէ հակամարտութեան իբրեւ հետեւանք, այլ՝ հակամարտութենէն ետք: Եկեղեցին հսկողութեան տակ պէտք է առնուի: Սուրի մէջ շինարարական մեքենաներ կը քանդեն ամէն ինչ: Պէտք է դադրի անյարգալից այս վերաբերմունքը: Պեթոնէ շէնքեր կը կառուցեն եւ վրան քարեր կը փակցնեն, յետոյ կ՛ըսեն, թէ կը կառուցեն: Պատմական տուներ ո՛չ թէ կը կառուցուին, այլ կը վերանորոգուին: Պեթոնէ մտայնութիւնը կը կործանէ երկիրը: Տեսայ, որ Սուրի տուները նկուղային յարկեր չունին, սակայն մեքենան նախ շէնքը կը քանդէ, ապա գիշերը կը վերադառնայ ու դարձեա՛լ կը փորէ: Մետաղ բացայայտող յատուկ գործիքով ոսկի կը փնտռեն: Անհրաժեշտ է իշխանութիւն մը, որ կը յարգէ անցեալն ու ապագան: Անատոլուի չորս ծագերուն կան եկեղեցիներու, աղբիւրներու մնացորդներ: Զանոնք վերստին կերտելու համար ունինք վերջին առիթ մը: 20 տարի անց՝ ալ անկարելի՛ պիտի ըլլայ այդ մէկը», յայտնեց Փայլան: