Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեան, Յունիս 5ին լրագրողներու հետ ունեցած ճեպազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Իսրայէլի խորհրդարանին (Քնեսեթ) կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցի քննարկման:
Բալայեան նշեց, որ Հայաստանի համար Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը մեծ նշանակութիւն ունի, եւ «մենք պիտի շարունակենք այս ուղղութեամբ առաջնորդող դերակատարութիւն ունենալ միջազգային հանրութեան ջանքերուն մէջ»:
«Ցեղասպանութեան յանցագործութեան ճանաչումը համամարդկային արժէքներու գերակայութեան, մարդկային իրաւունքներու վերահաստատման գործընթաց է՝ կոչուած նման ոճիրներու կանխարգիլման եւ անոր կրկնութեան բացառման, անկախ ներքաղաքական ծիրէն եւ աշխարհաքաղաքական իրադրութենէն», ընդգծեց ան:
Տիգրան Բալայեան նաեւ յայտնեց, որ աշխարհի տարբեր երկիրներու եւ միջազգային կառոյցներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ընդունուած տասնեակ բանաձեւերը ցոյց կու տան, որ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը անշրջելի է: