Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Պրազիլի մէջ Դաշնային Հանրապետութեան արտաքին յարաբերութիւններու նախարար Ալոիզիոյ Նունէս Ֆերէիրան Նոյեմբեր 17-ին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: ի դէպ, Ալոիզիոյ Նունէս Ֆերէիրան Պրազիլի Ծերակոյտին մէջ 2015-ի Մայիս 27-ին որպէս օրէնսդիր մարմնի անդամ նախաձեռնած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման բանաձեւի ընդունումը:
Պրազիլացի նախարարին կուղեկցէին Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Դաւիթ Օհանեանը եւ ԳԱԱ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Գէորգ Վարդանեանը:
Այնուհետեւ Ալոիզիոյ Նունէս Ֆերէիրան այցելած Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան, ծանօթացած ցուցանմուշներուն: Թանգարանին կից պուրակին մէջ նախարարը տնկած է խորհրդանշական եղեւնի: