Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Խոստումը» ֆիլմին արձանագրած յաջողութենէն ետք եւ «Ուրացման Ճարտարապետներ»ը վաւերագրական ֆիլմին հանրային ցուցադրութեան սեմին, ինչպէս նաեւ ամբողջ ամրան ընթացքին քոնկրեսականներուն հետ իրականացած շփումներուն շնորհիւ, Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող թիւ 220 բանաձեւին զօրակցող Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն թիւը անցած է 100ի սահմանը։
Այս աշխատանքին մէջ յատկանշական գործ տարած են Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ Ճեքի Սփիրն ու Տէյվիտ Թրաթը։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան դրական կը համարէ յատկապէս այն իրողութիւնը, որ Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական եւ դեմոկրատ ամենաբարձրաստիճան պաշտօնատարները բանաձեւը հովանաւորողներու շարքին կը գտնուին։
Նշենք նաեւ, որ բանաձեւին հովանաւորներ ապահովելու նպատակով, Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները աւելի քան 200 հանդիպումներ ունեցած են քոնկրեսականներու եւ անոնց ներկայացուցիչներուն հետ։
Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած թիւ 220 բանաձեւի համահեղինակներն են Տէյվիտ Թրաթ եւ Էտըմ Շիֆ, իսկ անոր զուգահեռ, Ծերակոյտին յանձնուած թիւ 136 բանաձեւը ներկայացուած էր ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզի կողմէ, աջակցութեամբ՝ Թետ Քրուզի, Թամ Ուտալի եւ Էտ Մարքիի:
Ներկայացուցիչներու տան բանաձեւին աջակցող քոնկրեսականներուն ամբողջական ցանկը կարելի է կարդալ asbarez.com/167376 կայքէջին վրայ, իսկ այդ նպատակով ձեր շրջանի քոնկրեսականին աջակցութիւնը պահանջելու համար՝ anca.org/preventgenocide կայքէջը։