Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
«Ես կը ցանկամ, որ Հայաստանը երբեք նման ոճրագործութիւն, ցեղասպանութիւն չտեսնէ, երբեք ճնշւած չըլլայ: Հայերը շատ ընկերական ու բարեկամական ազգ են եւ արժանի են անկախ ու խաղաղ կեանքի»,-այս մասին յայտարարած է Չեխիոյ Ծերակոյտի նախագահ Միլան Շթեխը:
Ազգայի Ժողովի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդմամբ, Չեխիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի Ծերակոյտի նախագահի գլխաւորած պատւիրակութիւնը ԱԺ գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Վարդան Բոստանջեանի ուղեկցութեամբ Հոկտեմբեր 4-ին այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:
Հիւրերը ծաղիկներ խոնարհած են անմար կրակի մօտ եւ լռութեամբ յարգած Սուրբ նահատակներու յիշատակը: Անոնք եղած են Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ծանօթացած Հայոց Ցեղասպանութիւնը հաւաստող փաստաթուղթերուն ու վաւերագիրներուն:
Չեխիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի ծերակոյտի նախագահ Միլան Շթեխը գրած է յուշամատեանին մէջ:
Ան նշած է, որ հայ ազգը անցեալին շատ կորուստներ ունեցած է եւ աւելցուցած, որ այստեղ` Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ, բազմաթիւ հայերու հոգիներուն պատմութիւնն է: