Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է իր կուսակցութեան նախաձեռնած «Խղճի եւ արդարութեան կարգ» խորագրեալ շարժումին: Ան նշած է, որ ձեռնարկը իւրատեսակ բողոք է իրենց դերերը չկատարող ընդդիմութեան, մամուլին եւ դատական համակարգին դէմ:

«Եթէ այս երեք կառոյցներն ալ չգործեն, ուրեմն մնացած էք իշխանութեան ողորմութեան, իսկ իշխանութիւնը չափազանց շատ սխալներ ու յանցանքներ կը գործէ: Մենք ահա այս կ՛ուզէինք ցոյց տալ եւ, ըստ էութեան՝ հասանք մեր նպատակին», ըսած է հայ պատգամաւորը։

Փայլան նշած է նաեւ, որ Տիգրանակերտի մէջ կազմակերպուած շարժումը իրականացուած է ոստիկանութեան կողմէ շրջապատուած եւ մեկուսացուած պայմաններու մէջ: «Կ՛ուզեն, որ բոլորը լռեն ու վախնան, վախ կ՛ուզեն տարածել: Եթէ նկատած էք, վերջին շրջանին յաճախ մարդիկ կը ձերբակալեն՝ ուրիշներուն դաս տալու համար: Ատոր համար ալ իւրաքանչիւրը սկսած է վերահսկելու ինքն իրեն», նշած  է պատգամաւորը:

Ան անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ պատգամաւորներու ելոյթներուն համար շարք մը սահմանափակումներ սահմանող ներքին կանոնակարգի ծրարին վաւերացման՝ ըսելով. «Ասիկա ժամանակի ոգին արտացոլացնող ներքին կանոնակարգ է: Ինչպէս Թուրքիոյ փողոցներուն մէջ մարդիկ չեն կրնար խօսիլ, անոնց չե՛ն արտօներ խօսիլ, անոնց արտայայտութիւնները կը սահմանափակեն, այդպէս ալ փորձ կը կատարուի սահմանափակելու խորհրդարանի պատգամաւորներու խօսքը: Խորհրդարանին մէջ Հայկական Հարցը միշտ բացարձակ արգելք գտած է, քրտական հարցը միշտ արգիլուած նիւթ եղած է, եւ պետութիւնը հիմա կրկին կը փորձէ վերադառնալ իր աշխատանքային հին կարգաւորումներուն»: