Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ԵՐԵՒԱՆ.- Իր տեղեկութիւնները թրքական «Տիքեն» լրատու գործակալութենէն քաղելով՝ Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ խորհրդարանը Յուլիս 28ին վաւերացուց խորհրդարանի ներքին կանոնակարգին մէջ փոփոխութիւններ կատարող օրէնքներուն փաթեթը, որ այսուհետեւ պիտի արգիլէ երեսփոխաններուն՝ արտայայտուիլ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ շարք մը այլ «զգայուն» հարցերու մասին։
Յուլիս 25ին, խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին քննարկման դրուած սոյն առաջարկը, ինչպէս կ՛ակնկալուէր, վաւերացուեցաւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ու անոր հետ յաճախ համագործակցող ազգայնամոլներու Ազգայնական շարժում կուսակցութեան անդամ խորհրդարանականներուն քուէներով։
Անոր դէմ հանդէս եկան քեմալական Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պատգամաւորները։
Յիշեցնենք, որ նոր օրէնքը պատիժ կը սահմանէ այն պատգամաւորներուն դէմ, որոնք «կը վիրաւորեն թուրք ազգի պատմութիւնն ու համատեղ անցեալը»: «Վիրաւորանք» պիտի նկատուին՝ 1915 թուականի դէպքերուն մասին խօսելու ընթացքին «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրի կիրառումը, «Քիւրտիստան», «քրտական նահանգներ» եւ շարք մը այլ եզրերու գործածութիւնը:
Օրէնքը խախտող պատգամաւորները ժամանակաւոր կերպով պիտի հեռացուին խորհրդարանի աշխատանքներէն, ինչպէս նաեւ՝ պիտի պարտադրուին վճարելու տուգանք, որ իրենց աշխատավարձին մէկ երրորդին համազօր գումար մը պիտի ըլլայ՝ մօտաւորապէս 12 հազար թրքական լիրա (շուրջ 3400 տոլար):