Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական լրատու աղբիւրներ դառնութեամբ արձագանգած են այն տեղեկութեան, թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար շէյխ Ապտալլա պըն Զայէտ Նահիան, անցեալ շաբաթ Հայաստան կատարած իր այցելութեան ընթացքին, յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն՝ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելելով եւ ծաղկեպսակ զետեղելով Անմար կրակին առջեւ։
Թրքական մամուլը զայրոյթով կը գրէ. «Մենք ալ կը կարծէինք, թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները բարեկամ երկիր է»:
Ըստ թուրքերուն՝ այս այցելութիւնը անկասկած կապ ունի Թուրքիոյ կողմէ Քաթարին ցուցաբերուած զօրակցութեան հետ, որ խոր դժգոհութիւն պատճառած է Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու իշխանութեանց, եւ այս վերջինիս արտաքին գործոց նախարարին Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնը ցոյց կու տայ, որ Թուրքիոյ հետ այդ երկրին յարաբերութիւնները հասած են խզումի սեմին: