Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, որ Ծերակոյտին մէջ նոր հաստատուած՝ Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի առեւտուրի, արուեստի եւ մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբի ատենապետն է, կը տեղեկացնէ, թէ Ապրիլ 17ին, Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտը վաւերացուցած է ամիս մը առաջ ներկայացուած թիւ 29 բանաձեւը, որ ոչ միայն Ապրիլ ամիսը կը հռչակէ իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ամիս եւ կը պահանջէ ամերիկեան կառավարութենէն, որ ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ, որ վերադարձնէ հայկական եկեղեցիներէն իր բռնագրաւած կալուածներն ու գոյքը:
Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ խտրական օրէնքներ մինչեւ այսօր ի զօրու կը մնան եւ կը դժուարացնեն եկեղեցապատկան կալուածները իրենց իրաւատէրերուն վերադարձնելու փորձերը:
Ծերակոյտի 29րդ բանաձեւը համահեղինակած են Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի առեւտուրի, արուեստի եւ մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբի մնացեալ բոլոր անդամները, որոնք են՝ Ծերակոյտի նախագահ Քեւըն տէ Լէոն եւ ծերակուտականներ Սքաթ Ուիլք, Թոնի Մենտոզա ու Ճաշ Նիւմըն:
Բանաձեւին ի նպաստ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին, Փորթանթինօ ողջունած է Ցեղասպանութեան նուիրուած «Խոստումը» ֆիլմի դերասանուհի Էնճըլա Սարաֆեանի ներկայութիւնը։
Նշենք, որ նիստին բացումը կատարած են հայ հոգեւոր հայրեր, իսկ դրօշակի արարողութիւնը՝ Սանթա Քլարայի ՀՄԸՄի «Անի» մասնաճիւղի սկաուտները։
Բանաձեւի վաւերացումէն առաջ, «Խոստումը» ֆիլմի բեմադրիչին՝ Թերի Ճորճին ի պատիւ, հիւրասիրութիւն մը կազմակերպուած էր, իսկ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ծիրէն ներս ցուցադրուեցաւ ֆիլմը։
Նաեւ, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամներ Ատրին Նազարեան եւ Սքաթ Ուիլք մեծարանքի հռչակագիրներ յանձնած են Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական ծրագիրի վարիչ Սալբի Ղազարեանին եւ սրնգահար Սալբի Քերքոնեանին։
Ընթացքին յայտարարուծ են նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային օրէնսդիր մարմինի Հայկական համախմբումին կազմակերպած եւ Ցեղասպանութեան առնչուող շարադրական ու արուեստի մրցումներուն արդիւնքները։ Շարադրական մրցանքի շահողներն էին՝ Տիգրանուհի Թինա Տէր Յակոբեան, Ռամիրօ Արչիլա եւ Սըմենթա Ռենտըլ, իսկ արուեստի մրցանքին՝ Հանա Հիչքոք, Պորա Ուիէ եւ Գառնի Վարդանեան։
Ապա, Նազարեան եւ Ուիլք Քալիֆորնիոյ նահանգային օրէնսդիր մարմինի անդամներուն բաժնած են «Պրետ ֆրամ Սթոնզ» գիրքէն օրինակներ։