Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Յաջորդ շաբաթ ամերիկեան կինոթատրոններուն մէջ պիտի սկսի ցուցադրուելու Հայոց ցեղասպանութեան մասին «Խոստումը» ֆիլմը, որ բարեյաջող յաղթահարեց թրքական լոպպիի` ֆիլմի յաջողութիւն խորտակելու բազմաթիւ փորձերը, կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը՝ վկայակոչելով ewsbusters.org-¬ը:
Թրքական կառավարութիւնը մէկ դար անց ալ կը ժխտէ ցեղասպանութեան փաստը, եւ ատոր մասին ֆիլմերը մեծ դիմադրութեան կը հանդիպին: Ֆիլմին մէջ նկարահանուած աստղերէն Քրիսթիան Պէյլ նոյնիսկ չէ բացառած, որ կրնայ «հակահարուած» ըլլալ։
Ֆիլմի քննարկումը տեղի ունեցած է Թորոնթոյի կինոփառատօնին 2 ամիս առաջ: Անոր յաջորդած են ցուցադրութիւնները Լոնտոնի եւ Վատիկանի մէջ, իսկ Ապրիլ 21-¬ին «Խոստումը» պիտի սկսի ցուցադրուելու ամերիկեան կինոթատրոններուն մէջ:
Ահա այն անուանի աստղերը, որոնք կը փորձեն պահել «Խոստումը»:
Շեր (Շերիլին Սարգիսեան) ծագումով հայ է: Ֆիլմը դիտելէն ետք ան իր թուիթըրեան էջին մէջ գրած էր. «Այս ֆիլմը կոտրեց սիրտս, եւ ոչ միայն հայերու համար, այլ բոլոր անոնց, որոնք տառապած են, կորսնցուցած են իրենց սիրելիները: Մենք բոլորս ծաղիկներ ենք, որոնք գեղեցիկ են փունջի մէջ»:
Հոլիվուտեան դերասան Ճորճ Քլունի եւ անոր կինը` մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ամալ Քլունի ներկայ գտնուած են ֆիլմի լոնտոնեան ցուցադրութեան: Ամալ Քլունի յայտնի է թրքական ժխտողականութեան դէմ փաստաբանական իր նշանակալի ներդրմումով:
Լէոնարտօ տի Քափրիօ իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ գրած էր. «Օսքար Այզեք, Քրիսթիան Պէյլ եւ Շարլոթ լէ Պոն Թերի Ճորճի ղեկավարութեամբ անկրկնելի ներկայացում բեմադրած են «Խոստումը» ֆիլմին մէջ: Կ՛ողջունեմ ամբողջ խումբը` առասպելական արտադրող Մայք Մետաւոյի գլխաւորութեամբ, որուն տաղանդն ու նուիրուածութիւնը կեանքի կոչեցին այս կարեւոր նախագիծը»:
Մարտին դերասան եւ արտադրող Տին Քէյն այցելած էր Երեւան` հանդիպելու սուրիահայ փախստականներուն: «Հայերը դարերով հալածուած են, անոնք եղած են քրիստոնէութեան առաջին ամրոցը, եւ անոնք միակ քրիստոնէական ամրոցն են Միջին Արեւելքի մէջ»: Քէյն իր աջակցութիւնը յայտնած նաեւ «Խոստումը» ֆիլմին: Ֆիլմի վերաբերեալ դերասանը գրած էր. «Քոլեճի մէջ պատմութիւն ուսումնասիրելու ատեն ես իմացած եմ ցեղասպանութիւններու մասին, ինչպիսիք են Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Հոլոքոսթը: Մեր օրերուն եւս ցեղասպանութիւններ կ՛իրագործուին, խօսքս Սուրիոյ, Իրաքի եւ Սուտանի մասին է: Կ՛երդուիմ պահել «Խոստումը» եւ պատմութեան դասագիրքեր «աքսորել» ցեղասպանութիւնը»:
«Ես կը միանամ «Խոստումը» ֆիլմին ու կը խոստանամ երբեք չմոռնալ»,¬ իր թուիթըրեան էջին մէջ գրած էր երգչուհի Պարպրա Սթրէյզընտ:
Էլթըն Ճոն թուիթըրի իր էջին մէջ գրած էր. «Ուրախ եմ յայտարարելով «Խոստումը» ֆիլմի ցուցադրման մեկնարկի մասին: Ֆիլմը կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը: Կը միանամ «Խոստումը» պահելու շարժման եւ կը խոստանամ պաշտպանել մարդու իրաւունքները, արժանապատուութիւնը եւ հաւասարութիւնը: Շատ ուրախ եմ, որ ֆիլմի ամբողջ հասոյթը պիտի օգտագործուի բարեգործական նպատակով, քանի որ կը կարծեմ, որ ոչ ոք պէտք է լքուի»:
Սիլվեսթըր Սթալոնէ, անդրադառնալով ֆիլմին, գրած էր. «Արտակարգ ֆիլմ պիտի ցուցադրուի Ապրիլ 21-¬ին: Սա այնպիսի թեմա է, որմով հիացած եմ տասնամեակներէ ի վեր, եւ շատ տարիներ պէտք էր զայն ֆիլմի վերածելու համար: Սա ճշմարիտ եւ անհաւատալի կարեւոր պատմական տրամայ է, որ ունի բոլոր իւրօրինակ բաղադրիչները, որոնք կրնան ֆիլմը բարձրացնել «Օսքար»-ի մակարդակին: Քրիսթիան Պէյլ եւ Օսքար Այզեք իրենց դերերը կատարեալ կը խաղան: Առանձնակի պէտք է նշել նաեւ առասպելական արտադրող Մայք Մետաւոյի դերը, որ կրցաւ այս նախագիծը կեանքի կոչել»:
Դերասան Տոն Չիտլ թուիթըրի մէջ յայտարարած էր, որ տեսած է ցեղասպանութեան հետեւանքները Տարֆուրի մէջ: «Կ՛երդուիմ պահել «Խոստումը», բարձրացնել տեղեկացուածութիւնը եւ պայքարիլ ցեղասպանութիւններու դէմ»։
Անուանի թենիսիստ Անտրէ Աղասի նոյնպէս իր աջակցութիւնը յայտնած է ֆիլմին: «Ուրախ եմ, որ Քըրք Քըրքորեանի մտադրութիւնը կեանքի կոչուեցաւ: Օգնեցէք ինծի պահելու անոր «Խոստումը»,¬ թուիթըրի մէջ գրած էր թենիսիստը:
Ֆիլմին իր աջակցութիւնը յայտնած է նաեւ դերասան Թոնի Կոլտուին: Ան թուիթըրի մէջ գրած է. «Կը կատարենք «Խոստումը»` ամէն օր հոգ տանելով մեր մտերիմներու մասին: Ֆիլմին առաջին ցուցադրութիւնը` Ապրիլ 21¬ին, իսկ ամբողջ հասոյթը պիտի ուղղուի բարեգործութեան»:
Յայտնի հոլիվուտեան դերասան Ռայեան Կոսլինկ միացած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին «Խոստումը» ֆիլմին նուիրուած քարոզարշաւին: Ան «#կատարէխոստումդ» գրած է` աջակցութիւն յայտնելով մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան Քոնկոյի մէջ: Կոսլինկ տեսահոլովակ հրապարակած է Twitter-ի մէջ այդ մասին: «Պատերազմը Քոնկոյի մէջ ամենամահաբերը դարձաւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք: Կը խոստանամ կատարել խոստումս` սատարել մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան Քոնկոյի մէջ», -ըսած է Կոսլինկ: