Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Ամերիկացի յայտնի դերասան Տան Չիտըլ, որ հռչակ շահած է յատկապէս Ռուանտայի ցեղասպանութեան նուիրուած «Հոթել Ռուանտա» ֆիլմին մէջ իր դերակատարութեամբ, իր աջակցութիւնը յայտնած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստումը» («The Promise») ֆիլմին:
Չիտըլ, որ երկու անգամ արժանացած է «Կոլտըն Կլոպ» մրցանակին եւ թեկնածու եղած է «Օսքար» մրցանակին, ըսած է. «Տեսած եմ ցեղասպանութեան հետեւանքները Տարֆուրի մէջ, որմէ ետք որոշած եմ պայքարիլ ցեղասպանութիւններու դէմ»։
Նշենք, որ յայտնի դերասան Ճորճ Քլունի եւ կինը՝ յայտնի փաստաբան Ամալ Քլունի, ներկայ եղած են «Խոստումը» ֆիլմին ցուցադրութեան՝ Լոնտոնի մէջ։
Ֆիլմին իրենց աջակցութիւնը յայտնած են նաեւ Լէոնարտօ ՏիՔափրիօ, Սիլվեսթըր Սթալոն, Էլթոն Ճան, Անտրէ Աղասի, Պարպարա Սթրայսեն եւ շատ ուրշիներ: