Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
ԱՄՆ-ի քոնկրէսական Էտըմ Շիֆ յատուկ յայտարարութեամբ կոչ ուղղած է գործընկերներուն՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը` կողմ քուէարկելով օրէնքի նախագիծին:
Ըստ «Ամերիկայի ձայն»-ի հաղորդման` յայտարարութեան մէջ նշուած է.
«Աւելի քան մէկ դար առաջ մէկ եւ կէս միլիոն հայեր սպաննուած էին Օսմանեան Կայսրութեան կողմէն` 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ընթացքին: Ամերիկան պէտք է բարձրացնէ իր ձայնը եւ պարզ խօսի Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերուն մասին եւ դատապարտէ մարդկութեան դէմ բոլոր ոճրագործութիւնները, եթէ մենք կ՝ուզենք հաւատարիմ մնալ մեր բարոյական եւ պատմական առաքելութեան: Ես միացած եմ Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Թրոթին եւ Քոնկրէսի Հայկական խումբի միւս գործընկերներուս` ներկայացնելով երկու կուսակցութիւններուն աջակցութիւնը վայելող օրինագիծ, որ պաշտօնապէս պիտի ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ինչպէս պարզ կը նշէ մեր օրէնքին նախագիծը, մենք չենք կրնար պայքարիլ մեր օրերու ցեղասպանութիւններուն դէմ, ինչպէս «իսլամական պետութիւն» խմբաւորման կողմէն Իրաքի եւ Սուրիոյ փոքրամասնութիւններուն դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւններն են, եթէ տարբերութիւն դնենք, թէ որ սարսափելի դէպքերը ճանչնանք, իսկ որոնց պարագային խուսափինք պատասխանատւութենէն, որովհետեւ անոնք կրնան հեռացնել մեզմէ ընկերները կամ թշնամիները»: