Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- «Երէկուան կոտորածները ուրանալ, կը նշանակէ՝ ապագային արտօնել նման կոտորածներ», յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ճաշկերոյթին ընթացքին, անդրադառնալով Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին վերջերս տուած վճիռին, որ հակասահմանադրական ճանչցաւ «Հաւասարութեան եւ քաղաքացիութեան մասին» օրէնքի բարեփոխուած տարբերակին մէջ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող դրոյթները: Այս տեղեկութիւնը հաղորդած է «Արմէնփրէս»ը՝ վկայակոչելով «Նուվել տ՛Արմէնի»ն։
«Կ՛ողջունեմ Ժան Փօլ Քոսթայի կողմէ կատարուած աշխատանքին որակը», նշած է Ֆրանսայի նախագահը: Յայտնենք, որ Քոսթա «Հաւասարութեան եւ քաղաքացիութեան մասին» օրէնքին մէջ նշեալ փոփոխութիւններուն հեղինակն էր։
Հոլանտ աւելցուցած է, թէ անհրաժեշտ է Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնելու նպատակով ջանքերը շարունակել, քանի որ այս պայքարը ճշմարտութեան համար տարուող կենսական պայքար մըն է:
Նախագահը յիշեցուցած է, որ Ֆրանսայի կրթութեան նախարար Նաճաթ Վալոտ Պելլքասեմի եւ պատմաբան Վենսեն Տիւքլերի համանախագահութեամբ ստեղծուած է առաքելութիւն մը, որուն նպատակն է հիմնել բոլոր ցեղասպանութիւններուն ու պատերազմի յանցագործութիւններուն, ներառեալ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան, յիշատակի օր մը:
Անդրադառնալով հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններուն՝ Հոլանտ յիշեցուցած է, որ 2017ը 25ամեակն է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման: «Հրաւիրած եմ նախագահ Սարգսեանը՝ պաշտօնական այցելութիւն մը կատարելու Փարիզ։ Այցը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 8ին՝ Կանանց տօնին օրը: Ատիկա հնարաւորութիւն պիտի տայ անդրադառնալու տնտեսական եւ մշակութային յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ համալսարանական համագործակցութեան: Միաժամանակ, պիտի քննարկենք Լեռնային Ղարաբաղի հարցը, քանի որ Ֆրանսա այս հարցով առանձնայատուկ պատասխանատուութիւն ունի: Այս հակամարտութեան լուծում գտ-նելը հրատապ հարց է», շեշտած է Ֆրանսայի նախագահը:
Եզրափակելով խօսքը՝ ան բարձր գնահատած է նաեւ Ֆրանսայի հայ համայնքին դերը: «Հոս կը խօսինք Ֆրանսայի լաւագոյն մասին հետ, քանի որ դուք Ֆրանսայի լաւագոյններն էք: Նոյնիսկ Մայիսէն ետք, ես միշտ պիտի ըլլամ ձեր կողքին, ինչպէս որ մի՛շտ ալ եղած եմ: Չեմ ունենար նոյն պատասխանատուութիւնը, սակայն կ՛ունենամ նոյն համոզումները», ըսած է Հոլանտ: