Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Դեկտեմբեր 6ին լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ, «Էյ.Փի.» լրատու գործակալութեան յօդուածագիր Պրետլի Քլեփըր անդրադարձաւ անցեալ Շաբաթ օրուան (Դեկտեմբեր 3) մեր թիւով հաղորդուած այն լուրին, թէ՝ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ գտնուող Ողջակիզման թանգարան-յուշակոթողին մէջ կազմակերպուած հաւաքի մը ընթացքին, ցեղասպանագէտ եւ ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Սըմենթա Փաուըր արտայայտուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման մասին։
Արդարեւ, Նոպէլեան մրցանակակիր եւ Հրէական Ողջակիզումէն վերապրած Էլի Վիզելի յիշատակին նուիրուած այդ ձեռնարկին ժամանակ, խօսելով Վիզելի օրերուն տեղի ունեցած անարդարութիւններուն մասին՝ Փաուըր ըսած էր. «Ան ականատես եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման»։ Այս նախադասութեան ակնարկելով՝ Պրետլի Քլեփըր հարց կու տայ. «Արդեօք Պարաք Օպամայի վարչակազմը առանց աղմուկի ճանչցա՞ծ է Հայոց Ցեղասպանութիւնը»։
Յօդուածագիրը կը նշէ, որ 1915ի սպանդները ցեղասպանութիւն կոչելը երկար ժամանակէ ի վեր ամերիկացի պաշտօնատարներու, ներառեալ՝ Օպամայի համար թապու (արգիլեալ) բառ եղած է, ապա կ՛աւելցնելէ, որ իր այդ քայլով իսկ, ՄԱԿի մօտ Օպամայի դեսպանը իր ղեկավարէ՛ն առաջ անցած է:
Քլեփըր նաեւ կը գրէ, որ հակառակ այն իրողութեան որ Փաուըր իր խօսքերը չէ մանրամասնած, անոնք շատ հաւանաբար պիտի զայրացնեն Թուրքիան, որ կատաղի կերպով կը հակադրուի Ցեղասպանութեան մասին որեւէ յիշատակման։
«Թուրքիոյ ռազմավարական դերը, իբրեւ Միացեալ Նահանգներու գործընկեր եւ ՆԱԹՕի դաշնակից, պարտադրած է ամերիկացի պաշտօնատարներուն, որ չափազանց զգոյշ ըլլան այդ դէպքերուն մասին խօսելու ատեն: Նշեալ խօսքերը զարմանալի՛ են յատկապէս, երբ նկատի առնուի, որ Փաուըր երկրին երկրորդ ամենաբարձրաստիճան դիւանագէտը կը նկատուի, ինչպէս նաեւ անոր համար, որ այդ խօսքերը կրնան Օպամայի հասցէին քննադատութիւն նկատուիլ», կ՛աւելցնէ ան: Քլեփըր նաեւ կը յիշեցնէ, որ Օպաման խոստացած էր ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն չէ յարգած իր խոստումը:
Նշենք, որ դիւանագիտական աղբիւրներու համաձայն՝ Փաուըր աշխոյժ աշխատանք տարած է համոզելու համար Օպաման, որ պաշտօնապէս ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Փաուըրի բանբեր Քըրթիս Քուփըր յայտարարած է, թէ Ցեղասպանութեան մասին խօսքերը կատարուած են Վիզելի մեծարման պարունակէն ներս, նպատակ ունենալով՝ «համոզել ուրիշները, որ կանգնին համակարգային անարդարութեան, զանգուածային բռնարարքներուն եւ ցեղասպանութեանց դէմ»։ Քուփըր նաեւ նշած է, որ Փաուըրի խօսքերը պէտք չէ նկատել վարչակազմի քաղաքականութեան մէջ փոփոխութեան մը արդիւնք:
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտարարած է, որ այս գծով ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ որեւէ փոփոխութիւն չկայ: «Նախագահը եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, բազմիցս, իբրեւ պատմական փաստ ընդունած են, որ 1.5 միլիոն հայեր ջարդուած կամ դէպի իրենց մահը քալելու պարտադրուած են Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն, եւ աւելին՝ անոնք յայտարարած են, որ փաստերու լիարժէք, անկեղծ եւ արդարացի ճանաչումը մեր շահերէն կը բխի», ըսած է Թոնըր: