Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Իսրայէլի խորհրդարանի՝ Քնեսեթի, փոխնախագահ եւ Իսրայէլ-Հայաստան պատգամաւորական բարեկամական խումբի ղեկավար Թալի Փլոսքով, հայ-իսրայէլեան գործակցութեան հասարակական համախմբման միջոցին յայտարարած է, որ ինք միշտ եղած է Իսրայէլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կողմնակից:
«Ես ուժերուս սահմաններուն մէջ պիտի շարունակեմ Քնեսեթին մէջ բարձրացնել այս հարցը: Կ՛ուզեմ նշել, որ Քնեսեթի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կողմնակիցներուն թիւը պարբերաբար կ՛աճի: Մեծագոյն ձեռքբերումը այս հարցին մէջ՝ կրթութեան յանձնախումբին կողմէ պաշտօնապէս այդ փաստը ճանչնալն էր: Այո՛, ասիկա Իսրայէլի պաշտօնական դիրքորոշումը չէ, սակայն ասիկա արդէն իսկ յառաջխաղացք մըն է այս հարցին մէջ, եւ իմ կարծիքով՝ շա՛տ նշանակալից», ընդգծած է Քնեսեթի փոխնախագահը:
Ան նշած է նաեւ, որ Իսրայէլի մէջ Հայաստանի պատմութեան եւ Ցեղասպանութեան մասին քիչերը գիտեն, ուստի այդ բացը գոցելու համար պէտք է զգալի աշխատանք տանիլ:
«Մենք պէտք է միասին աշխատինք, որովհետեւ այն երկիրները, որոնք շահագրգռուած չեն Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով, ամէն ինչ կ՛ընեն, որպէսզի այդ մասին չգիտնան մարդիկ: Եկէ՛ք աշխարհին ըսենք, թէ ի՛նչ պատահած է 1915ին: Եկէ՛ք ճշմարտութիւնը ըսենք», ըսած է Թալի Փլոսքով։