Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ֆրանսայի կառավարութիւնը ներկայացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծի նոր տարբերակը կը հաղորդէ «Նուվել տ՛Արմէնի» թերթը։ «Ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրէնքի նախագիծ»ը կը համապատասխանէ Հաւասարութեան եւ քաղաքացիութեան օրինագիծին:
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը ողջունած է կառավարութեան նախաձեռնութիւնը, որ կը համապատասխանէ Ֆրանսայի նախագահի ստանձնած յանձնառութիւններուն:
«Յոյս ունինք, որ օրէնքի նախագիծը կը վաւերացուի այս տարի: Կ՛ողջունենք հետեւողական աշխատանքը բոլոր գործիչներուն, որոնք սատարած են հայկական համայնքին: Կոչ կ՛ընենք խորհրդարանական բոլոր ուժերուն, որ համախմբուին այս համաձայնեցուած բանաձեւին շուրջ», ըսուած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի յայտարարութեան մէջ: