Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Քոնկրէսականներ Տէյվիտ Վալատաոն (R-CA) եւ Ճիմ Քոսթան (D-CA) ողջունած են Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսի Հայաստան կատարելիք այցը` շեշտելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր անոր այցի կարեւորագոյն համաշխարհային նշանակութիւնը, կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:

Հռոմի պապի հայաստանեան այցի նախօրէին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ Քոսթան Հռոմի պապին անուանած է «կաթոլիկ աշխարհի բարոյական կողմնացոյց» ու նշած որ «նոյն այդ բարոյական հիմքով Նորին մեծութիւնը իրաւամբ ճանչցած է Հայաստանը որպէս քրիստոնէութիւն ընդունած առաջին պետութիւն եւ բարձրաձայնած մեր ժամանակներու բարոյական մարտահրաւէրներուն մասին: Հռոմի պապի Հայաստան այցը եւս մէկ ապացոյց է հայ ժողովուրդի նկատմամբ անոր սրտացաւ վերաբերմունքի մասին»: Անդրադառնալով 2015-ին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին Հռոմի պապի ելոյթին, որով ան Ցեղասպանութիւն կոչեց 1915-ին կատարուած ողբերգութիւնը, քոնկրէսական Քոսթան կոչ կ՛ընէ, որ «նախագահն ու Քոնկրէսը հետեւին Հռոմի պապ Ֆրանչիկոսի օրինակին ու վերջապէս ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը»:

Քոնկրէսական Վալատաօն, որ «Հայոց ցեղասպանութիւն. Ճշմարտութիւն + արդարութիւնէ ( H.Res.154) բանաձեւի առաջատար հովանաւորներէն է` դեմոկրատ Ադամ Շիֆի, Ֆրանք Փալոնի (D-NJ) ու Ռապըրթ Տոլտի (R-Il) հետ միասին, ողջունած է Հոռմի պապի որոշումը` այցելել Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր «կարեւոր է, որ աշխարհի առաջնորդները շարունակեն ուշադրութիւն դարձնել Հայոց ցեղասպանութեան սարսափելի իրադարձութիւններուն, որոնք կատարուած են 100 տարի առաջ»,- բացատրած է Վալատաօն: «Մինչ մենք կը շարունակենք աշխատիլ Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին H.Res. 154 բանաձեւի վրայ, ես յոյս ունիմ, որ Հռոմի պապի այցը ու յարգանքի մատուցումը զոհերու յիշատակին խաղաղութիւն ու սփոփանք պիտի բերէ հայկական համայնքին»։

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախմբի Քալիֆորնիոյ կենտրոնական գրասենեակէն Փոլ Ջամուշեան ողջունած է այս յայտարարութիւնը` նշելով «Հայ դատի Քալիֆորնիոյ կեդրոնական գրասենեակը կը միանայ աշխարհասփիւռ հայերուն եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ քոնկրէսականներ Վալատաոյին ու Քոսթային` որոնք իրենց ազդեցիկ ձայնը կը բարձրացնեն` սեփական կառավարութեան կոչ ընելով հետեւելու Հռոմի պապի բարոյական օրինակին` մարտահրաւէր նետելու Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ ճշմարտութեան ու արդարութեան ժխտողականութեան»:

Ամերիկահայերը այս հանգստեան օրերուն ուշադիր պիտի հետեւին Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսի պատմական այցին Հայաստան` ոգեշնչուած անցած տարի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տալիլիցի ժամանակ անոր բարոյական քաջութեամբ ու յոյս ունենալով, որ այդ քաջութիւնը կ’ոգեշնչէ նաեւ ԱՄՆ նախագահին ու Քոնկրէսին` վերջ տալու Ցեղապանութեան ժխտման հարցով Թուրքիոյ իրենց յանցակցութեան: