Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Չեխիոյ նախագահ Միլոշ Զեմանը պիտի դիմէ Չեխիոյ խորհրդարանին Գերմանիոյ Պունտեսթակի օրինակին հետեւելու եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտելու հարցով: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Չեխիոյ նախագահը յայտարարած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ բանակցութիւններէն ետք լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին:

«Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իմ դիրքորոշումը ես յայտնած եմ դեռ 2014-ին` նախագահ Սարգսեանի Չեխիա այցելութեան ընթացքին: Նացիստական Գերմանիոյ յաղթանակի պարագային իմ ժողովուրդը նոյնպէս նման տառապանքներ կրնար կրել, պատմութիւնը կրնար կրկնուիլ: Ես գիտեմ, որ Ցեղասպանութիւնը դատապարտած են Եւրոմիութեան 10 երկիրներ, ոչ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներէն կրնամ նշել Գանատան եւ Ռուսիան: Իբրեւ այս յայտարարութեան յաջորդող քայլ, ես պիտի դիմեմ Չեխիոյ խորհրդարանին, որպէսզի անոնք հետեւին Գերմանիոյ օրինակին եւ կատարեն նման յայտարարութիւն»,- եզրափակած է Միլոշ Զեմանը:

Պետական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Չեխիոյ Հանրապետութեան նախագահ Միլոշ Զեմանը այցելած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւէրժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Չեխիոյ նախագահը, ծաղկեպսակ դնելով յուշահամալիրին, ապա` ծաղիկներ խոնարհելով անմար կրակին մօտ, յարգած է 20-րդ դարասկիզբի մեծագոյն ոճիրին` Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը: Այնուհետեւ Չեխիոյ նախագահը Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան–հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի ուղեկցութեամբ շրջած է թանգարանին մէջ, ծանօթացած ցուցանմուշներուն, իսկ թանգարանի յուշամատեանին մէջ գրած է իր սրտի խօսքը, որուն մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է. «Խորին յարգանքով` ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին»: