Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա կը մերժէ Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած զեկուցումը, որուն մէջ Անգարայի դարձեալ կոչ կ’ուղղուի ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար եւ գլխաւոր բանագնաց Պեքիր Պոզքըր անդրադարձած է որդեգրուած զեկուցումին, որուն մէջ նախորդ տարուան նման, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչ կ’ուղղուի:
«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Պոզքըր Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրցի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է. «Մեր պատմութեան մէջ որեւէ ամօթալի պահ չկայ: Մեր արխիւները բաց են: Մենք կը կարծենք, որ այդ հարցը պէտք է վճռեն պատմաբանները: Պատմական դէպքերուն առնչութեամբ քաղաքական որոշումներ պէտք չէ ըլլան»:
Ան յայտնած է, որ այս զեկուցումը եւս նախորդին նման պիտի վերադարձուի Եւրոպական խորհրդարանին եւ իրենք զայն «առ ոչինչ» պիտի նկատեն: «Անցեալ տարուան զեկուցումն ալ հաշուի չառինք եւ վերադարձուցինք: Այս տարի ալ, ցաւօք, նոյն քայլը տեղ գտած է Եւրոպական խորհրդարանի` Թուրքիոյ հարցով զեկուցումին մէջ: Հակառակ մեր բոլոր ջանքերուն, բոլոր կարելիութիւնները օգտագործելուն, այդ անդրադարձը շրջանցել կարելի չեղաւ: Այդ պատճառով այս զեկուցումը եւս առ ոչինչ պիտի նկատենք, եւ մեր ներկայացուցիչը մեր կեցուածքը պիտի յանձնէ Եւրոպական խորհրդարանին», ըսած է ան: