Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Սեւան «Արմէնփրէս» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ մօտիկ ապագային յայտնի պիտի դառնայ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նախագիծը ե՞րբ մաս պիտի կազմէ Իսրայէլի Քնեսեթի (խորհրդարան) լիագումար նիստի օրակարգին։
«Մենք այժմ կʼաշխատինք յստակ ժամկէտ մը ճշդելու ուղղութեամբ։ Կʼակնկալենք, որ յառաջիկային այդ թուականը յայտնի ըլլայ։ Ինչպէս ծանօթ է, Ցեղասպանութեան մասին նախագիծը քննարկուած է Քնեսեթի Կրթութեան, մշակոյթի ու մարզանքի հարցերով յանձնաժողովին կողմէ, իսկ հիմա կը սպասենք, որ հարցը ներառուի նաեւ լիագումար նիստի օրակարգին մէջ ու քննարկուի», նշած է Յակոբ Սեւան։
Ան ըսած է նաեւ, որ Իսրայէլի մէջ նկատելի են Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին հետ առնչակից դրական փոփոխութիւններ։ «Իսրայէլի Քնեսեթի մօտեցումներուն մէջ, Ցեղասպանութեան հարցին առնչութեամբ, վերջին տարիներուն բաւական մեծ յառաջընթաց արձանագրուած է։ Մենք կ՛աշխատինք տարբեր հարթակներու վրայ, տարբեր մակարդակներու վրայ։ Մասնաւորաբար աշխատանք կը տարուի այն երեսփոխաններուն հետ, որոնք դրական դիրքորոշում ունին Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ», դիտել տուաւ Սեւան, աւելցնելով, որ նման երեսփոխաններու շրջանակը կը շարունակէ ընդարձակուիլ։
Յակոբ Սեւան նաեւ բաւական դրական նկատած է այն, որ վերջերս գիտական հաստատութիւններու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած գիտաժողովներ ու այլ նախաձեռնութիւններ կը կազմակերպուին: