Աղբիւր՝ www.yerkir.am

 

Փետրուարի 13-14-ը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքում տեղի ունեցած` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի արժեւորմանը նուիրուած համագումարի եզրափակիչ նիստի ժամանակ ելոյթ է ունեցել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ն:

Նշելով, որ համահայկական մտածողութեան ու գործելակերպի մշակումը նպաստելու է թէ՛ Հայաստանի հզօրացմանը, թէ՛ մեր ազգի միասնականութեան ամրապնդմանը եւ թէ' ազգային պահանջատիրութեանը, Արամ կաթողիկոսն ասել է.

«2015 տարուան ընթացքին, մեր կեանքէն ներս Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը հայաշարժ յառաջացուց եւ մեր ժողովուրդի զաւակները, աշխարհի բոլոր կողմերը, մէկ ազգի ու մէկ պահանջատիրութեան խոր գիտակցութեամբ յիշեցին իրենց նահատակները ու պահանջատիրական զօրեղ կեցուածքով յիշեցուցին իրենց նահատակներուն նուիրական կտակը: Հիմա, որ 100-ամեակի ձեռնարկները հասած են իրենց աւարտին, անհրաժեշտ է, որ համապարփակ ու իրապաշտ մօտեցումով արժեւորումը կատարուի 100-ամեակին, ո՛չ թէ սոսկ տեղի ունեցած ձեռնարկներու թուումով ու դէպքերու նկարագրումով, այլ իրապաշտ արժեւորումով՝ պարզելով թէ՛ մեր թերութիւնները եւ թէ յաջողութիւնները. աշխատանք մը, որ պէտք է շուտով կատարուի Հայաստանը եւ Սփիւռքը ներկայացնող խումբ մը մտաւորականներու կողմէ»:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս խօսքով՝ չպէտք է մոռանալ, որ հայերի հարեւանները գիշեր ու ցերեկ մտածում են Ղարաբաղը վերագրաւելու մասին. «Չմոռնանք, որ մեր հարեւանները գիշեր ու ցերեկ կը մտածեն Ղարաբաղը վերագրաւելու մասին. չմոռնանք, որ նոյնիսկ մեզի բարեկամ նկատուող երկիրները, իրենց աշխարհաքաղաքական շահերէն մեկնած այնքան ալ մեզի համար նպաստաւոր մօտեցումներ չունին Ղարաբաղի հարցի լուծման նկատմամբ։ Հետեւաբար, պէտք է ըլլալ արթո՛ւն։ Ղարաբաղի մէջ մեր ժողովուրդի ֆիզիքական ներկայութիւնը հրամայական է. Ղարաբաղի մեր քաջ բանակին հզօրացումը մեր բոլորին առաջնահերթ պարտաւորութիւնն է։ Ուրիշներուն ունեցած նիւթական կամ ռազմական լայն կարելիութիւններուն դիմաց, մենք ունինք մեր երիտասարդ զինուորներուն քաջութիւնը եւ մեր ազգին ամբողջական զօրակցութիւնը»:

Արամ Ա-ն իր ելոյթում կարեւորել է նաեւ Հայաստանի հզօրացումը՝ որպէս ազգային պահանջատիրական պայքարի հիմք:

«Հայաստանի հզօրածումը որպէս հիմք մեր ազգային պահանջատիրական պայքարին։ Տկար, մեկուսացած ու անկազմակերպ Հայաստան մը չի կրնար մեր ազգին իրաւունքներու պահանջատէրը դառնալ. չի կրնար յարգանք պարտադրել ու լսելի դառնալ միջազգային համայնքէն ներս։ Հետեւաբար Հայաստանի հզօրացումը իր տնտեսական, զինուորական եւ այլ բնագաւառներով հրամայական անհրաժեշտութիւն է։ Այս իրագործելու համար արտագաղթի կասեցումը, փտտածութեան վերացումը ու Սփիւռքի առաւել կազմակերպ զօրակցութիւնը Հայաստանին կենսական են»,- ընդգծել է նա: