Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան ուսանողական կառոյցը` «Եւրոպայի ժողովրդավար ուսանողներ» կազմակերպութիւնը (EDS) ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ, որ EDS-ի խորհուրդի հաւաքի օրակարգ մտած էր Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան Երիտասարդական կազմակերպութեան առաջարկով, որ այս տարուան ամառը դարձաւ եւրոպական ամենամեծ երիտասարդական այս կառոյցին անդամ:

Ինչպէս «Արմենփրես»-ը կը տեղեկացնէ՝ վկայակոչելով  ՀՀԿ Երիտասարդական կազմակերպութիւնը, բանաձեւը կը դատապարտէ 19-րդ դարավերջին եւ 20-րդ դարասկիզբին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ցեղասպանական գործողութիւնները ընդդէմ հայերու, ասորիներու եւ Պոնտոսի յոյներու:

Փաստաթուղթով կոչ կը կատարուի Թուրքիոյ առերեսուելու պատմութեան հետ եւ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Կը նշուի նաեւ, որ Ցեղասպանութեան ժխտումը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ աշխարհի մէջ կը ծնի նոր ոճիրներ:

«Եւրոպայի ժողովրդավար ուսանողներ» կազմակերպութեան նախագահ Գիորգոս Հաջիգիորգիոն ըսած է, որ առաջին անգամ EDS-ը պաշտօնական դիրքորոշումը կը ներկայացնէ ցեղասպանութիւններու վերաբերեալ. «Մեր խորհուրդի հաւաքի ընթացքին այսօր բազմաթիւ քննարկումներ եղան, եւ ձայներու մեծամասնութեամբ Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւը ընդունուեցաւ: Մենք կոչ կ՛ընենք Եւրոմիութեան բոլոր երկիրներուն, որ եւս ճանչնան ու դատապարտեն Ցեղասպանութիւնը: Պէտք է ըսեմ, որ Եւրոպական Ժողովրդական կուսակցութիւնը նոյնպէս ունի իր պաշտօնական դատապարտող դիրքորոշումը հարցին շուրջ: Բազմաթիւ երկիրներու խորհրդարաններ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ մեր ցանկութիւնն էր, որ EDS-ը եւս ունենայ իր պաշտօնական տեսակէտը այդ առումով»:

«Եւրոպայի ժողովրդավարական երիտասարդական համայնք» կազմակերպութեան (DEMYC) նախագահ Խաւիեր Ուրթատօ Միրան կարեւոր համարած է այն փաստը, որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին կը խօսի Եւրոխորհրդարանին մէջ իշխող ուժի` Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան պաշտօնական ուսանողական կառոյցը` EDS-ը: «Պէտք է ըսեմ, որ DEMYC-ը նոյնպէս այս տարուան Ապրիլին Երեւանի մէջ ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող փաստաթուղթ: Մենք այսօր դարձեալ այստեղ ենք` աջակցելու մեր հայ ընկերներուն, որպէսզի այս հարցը աւելի լայնօրէն քննարկուի միջազգային օրակարգին վրայ»,- նշած է Խաւիեր Ուրթատօ Միրան` ընդգծելով, որ այստեղ գտնուող եւրոպացի ուսանողները, վերադառնալով իրենց երկիրներ, պիտի խօսին այս մեծ ոճիրի մասին: Ան իր խօսքը ամփոփած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կարգախօսով` «Կը յիշենք ու կը պահանջենք»:

Այս օրերուն Երեւանի մէջ ՀՀԿ Երիտասարդական կազմակերպութեան հրաւէրով տեղի կ՛ուենայ EDS-ի խորհուրդի հաւաքը: